Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԵԼՈՅԹԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի, 15 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ տեսաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնեայ Օրէնսնդիրներու Միջազգային Ցանցին կողմէ, որուն կեդրոնը Աւստրիա կը գտնուի։ Տեսաժողովին նիւթն էր «Քրիստոնեաները Հայաստանի մէջ. զեկոյց մը տեղւոյն վրայ»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ արցախահայութեան տառապանքներուն եւ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգի ազգային մաքրագործումի գործողութեան, որ մնացած է անպատասխան միջազգային հանրութեան կողմէ։ Ան կոչ ըրաւ, որ միջազգային ընտանիքը առաւել գործօն մասնակցութիւն բերէ արցախահայութեան իր պապենական հողերը վերադարձի արդար դատին։