ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՔԱԹԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Քաթար կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Չորեքշաբթի, 10 Յունուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցած է Քաթարի վարչապետ Մուհամմէտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիի հետ։ Ան նաեւ տեսակցութիւններ ունեցած է այլ պաշտօնատարներու եւ դիւանագէտներու հետ։
Կաթողիկոսը այցելած է Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ ճաշի հիւրը եղած՝ Անգլիոյ մօտ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի։ Նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը անձնական այցելութիւն մը տուած է Քաթարի քարիւղի նախկին նախարար Ապտալլահ Պըն Աթիէին:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցած է Քաթարի համայնքի ազգային վարչութեան հետ, իսկ այնուհետեւ՝ համայնքի զաւակներուն հետ։
Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կազմած են Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան եւ Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: