ՃԷՅՄԶ ՊՐԱՅՍ (մահ՝ 22 Յունուար, 1922)
Անգլիացի պետական գործիչ եւ գիտնական լորտ Ճէյմզ Պրայս Մեծն Բրիտանիոյ հայասիրական շարժումի գլխաւոր ձայներէն եղած է 1870-1920 ժամանակաշրջանին։
Ծնած է 10 Մայիս, 1838ին, Պելֆասթի մէջ (Հիւսիսային Իրլանտա)։ Ուսումը ստացած է Կլասկոյի եւ Օքսֆորտի համալսարաններուն մէջ։ Քաղաքացիական օրէնքի դասախօս եղած է Օքսֆորտի (1870-1893), իսկ օրէնսդրութեան՝ Մանչեսթըրի մէջ (1870-1875)։ Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 1880ին, իսկ այնուհետեւ՝ 1885-1907ին։ Կարգ մը պետական պաշտօններ վարած է, ինչպէս արտաքին գործոց ենթաքարտուղար (1886), առեւտուրի հոգաբարձութեան նախագահ (1894-1895) եւ գլխաւոր քարտուղար Իրլանտայի համար (1905-1907)։ Անգլիոյ դեսպան եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ (1907-1913), ուր լաւ ծանօթ էր «Ամերիկեան հասարակապետութիւնը» (1888) գիրքով։ 1914ին ընտրուած է Լա Հէյի միջազգային դատարանի անդամ։
Ճէյմզ Պրայս առաջին անգամ պատմական Հայաստան այցելած է 1876ին եւ մագլցած՝ Արարատ լեռը։ Անոր հետեւանքը եղած է «Անդրկովկաս եւ Արարատ» (1877), որ չորրորդ տպագրութեան հասած է 1896ին։ 1878ին հաստատած է Անգլիեւհայկական Ընկերակցութիւնը, հանդիսանալով անոր քարտուղարը։ 1880ին երկրորդ անգամ այցելած է պատմական Հայաստան, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլիս եւ Զմիւռնիա։ 1893ին նախաձեռնած է արդէն կազմալուծուած Անգլիեւհայկական Ընկերակցութեան վերստին հիմնադրութեան։
Պրայս 1894-1896ի համիտեան ջարդերուն ընդդիմացած ու հայութեան տառապանքը անգլիական ու ամերիկեան մամուլին մէջ ներկայացնող զօրեղ ձայներէն մէկը եղած է։ 1904ին հայասիրական շարժումին վերանորոգ մասնակցութիւն բերած է՝ դասախօսութիւններով եւ ժողովներով։
Պրայս եղած է առաջիններէն, որ բողոքած է 1915ի ցեղասպանութեան դէմ, եւ անգլիական կառավարութեան կողմէ պատուէր ստացած է հայոց հալածանքի մասին թղթածրար մը պատրաստելու։ Արդիւնքը եղած է երիտասարդ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի կազմած է «Հայոց դէմ վերաբերումը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, 1915-1916» հատորը։ Անգլիական «Կապոյտ գիրք» անունով ծանօթ այս աշխատութիւնը խմբագրուած է Պրայսի կողմէ, որ նաեւ գրած է յառաջաբանը։ Ան կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկը, ընդգրկելով գլխաւորաբար գերմանացի եւ չէզոք երկիրներու ականատեսներու վկայութիւններ, ինչպէս եւ վերապրողներու պատումներ։
Պրայս նաեւ դատապարտած է քեմալական քաղաքականութիւնը, Փետրուար 1920ին անգլիական խորհրդարանին մէջ խարազանելով թրքական ջարդերը Կիլիկիոյ մէջ։
Լորտ Ճէյմզ Պրայս մահացած է Սիտմաութի մէջ (Անգլիա), 22 Յունուար, 1922ին։