Առաջնորդարանէն

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ 3 ՄԱՐՏԻՆ

Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգաշարի տարեկան 39րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 3 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2։00ին, «Գառնըկի» սրահի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։

Այս տարի պիտի ներկայանան երկու երիտասարդ ու խոստմնալից արուեստագէտներ՝ 20ամեայ երգահան եւ դաշնակահար Գրիգորի Բալասանեան, որ մենանուագով եւ լարային քառեակի ընկերակցութեամբ իր սեփական գործերը պիտի մեկնաբանէ, եւ մրցանանակիր դաշնակահար, 21ամեայ Տիգրան Մարդանեան։

Գրիգորի Բալասանեանի հեղինակային ոճը կը միախառնէ հայկականն ու ժամանակակիցը։ Յատուկ ուշադրութեան արժանի է առաջին բեմապարը, որ ձայնագրուած է 2019ին, երբ հեղինակը 15 տարեկան էր, եւ առաջին անգամ ներկայացուած 2021ին Երեւանի մէջ։ Գրիգորի Բալասանեան յաղթած է բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու մէջ եւ հրապարակած՝ երկու ձայնագրութիւններ։ Ներկայիս Պոսթոնի երաժշտանոցի ուսանող է՝ յօրինումի ճիւղին մէջ։

Տիգրան Մարդանեան, որ նոյնպէս Պոսթոնի երաժշտանոցի ուսանող է, քանի մը միջազգային մրցոյթներու յաղթած է Հարաւային Գորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Համերգին տոմսակներուն արժէքը 25 տոլար է։ Ապահովելու համար, կրնաք այցելել  https://www.carnegiehall.org, հեռաձայնել CarnegieCharge 212-247-7800 թիւին կամ Ազգային Առաջնորդարանին 212-689-7810 թիւին։