«ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ
Շաբաթ, 6 Յունուարին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը նշեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօները։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, բարձր կարգի աշակերտները Սուրբ Խորանին առջեւ արտասանեցին «Հաւատամք»ը։ Ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, աշակերտներն ու աւելի քան 130 հիւրեր բարձրացան «Արամեան» սրահ, ուր ճաշկերոյթին յաջորդեց Կաղանդի հանդէսը։
Համա-տնօրէնուհի տիկ. Ճուն Մանկասարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան բացման աղօթքը կատարեց։ Համատնօրէնուհի տիկ. Լալա Աթթարեան ընդգծեց վարժարանիս 90ամեայ գործունէութիւնն ու հայ կրթօճախի հիմնական դերակատարութիւնը մեր ներկայ գոյատեւման պայքարին մէջ։ Ան նաեւ նշեց, թէ աշակերտները իրենց անմիջական ներդրումը ունեցած են արցախահայութեան դրամահաւաքի ծրագիրներուն մէջ։ Այս վերամուտին սկիզբ առած է «Նոր Ուղի» միջնակարգ վարժարանին (Արարատի մարզ, Հայաստան) եւ «Մուրատ» ազգային վարժարանի միջեւ «Քոյր դպրոց» ծրագիրը։
Ապա, խօսք առաւ վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, որ շեշտեց գաղութիս ներդրումն ու գործունէութիւնը հայ կեանքէն ներս եւ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2024 տարուան «Մարդուժի պատրաստութեան տարի» հռչակագրին։ Ան ներկաները հրաւիրեց ներկայ գտնուելու վարժարանիս 90-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլին։
Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մաս կը կազմէին երգեր եւ դաշնակի կատարում, ղեկավարութեամբ՝ պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի։ Աշակերտութիւնն ու ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան եւ ստացան իրենց նուէրները։
Ամանորեան խանդավառ մթնոլորտը վերջ գտաւ Տէր Հօր գնահատական խօսքերով եւ փակման աղօթքով։