Ահարոն Տատուրեան, որ յաճախ ստորագրած է միայն իր անունով, բանաստեղծական ասպարէզին մէջ մտած է նախաեղեռնեան տարիներուն եւ շարունակած գրել Սփիւռքի մէջ յաջորդ կէս դարուն, բայց քիչ ծանօթ եղած է նեղ շրջանակէ մը դուրս։
Ծնած է Օվաճըգ (Նիկոմեդիա, Փոքր Ասիա), 19 Սեպտեմբեր, 1887ին։ Գիւղին նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակած է Գատըգիւղի (Պոլիս) Մխիթարեան վարժարանին, իսկ այնուհետեւ՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ (1907-1909)։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, վերադարձած է Պոլիս, ուր ուսուցիչ դարձած է եւ աշխատակցած՝ մամուլին։ Ծանօթ եղած է հեթանոսական նիւթով բանաստեղծութիւններով։ «Մեհեան» խումբի անդամներէն մէկը եղած է՝ Վարուժանի, Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական) եւ Գեղամ Բարսեղեանի հետ, որոնք 1914ին հրատարակած են համանուն հանդէսը։
Աքսորուած է ցեղասպանութեան տարիներուն, բայց յաջողած է մնալ Գոնիա եւ վերադարձած է Կ. Պոլիս պատերազմէն ետք։ 1922ին քաղաքը ձգած է եւ բարձրագոյն ուսում ստացած է Փրակայի համալսարանին մէջ (1922-1925)։
1928ին հաստատուելով Փարիզ, դասաւանդած է Դպրոցասէր վարժարանին մէջ։ Պարբերաբար երեւցած է մամուլին մէջ, թէեւ առատօրէն արտադրած է։ Այդ տարիներու հրատարակած է բանաստեղծական երկու հատորներ, «Մագաղաթներ» (1937) եւ «Պոհեմականք» (1939), որոնցմով առաւելաբար ծանօթ եղած է։
Ահարոն Տատուրեան Մարսէյլ փոխադրուած է վարժարանին հետ Բ. Աշխարհամարտին, եւ Փարիզ վերադարձած՝ պատերազմի աւարտին։ Աշխատակցած է ֆրանսահայ մամուլին եւ հրատարակած է չորս հաւաքածոներ եւս՝ «Սօսեաց անտառը» (1949), «Երկնէր երկիր…» (1957), «Բագիններուս կրակին առջեւ» (1958) եւ «Կարմիր Աւետարան» (1959)։
Աշխարհական վանականի մը կեանքը ապրած է, հայկական միջավայրի ժխորէն հեռու։ Կեանքի վերջին տարիներուն, փոխադրուած է Մոնմորանսիի հայկական ծերանոցը, ուր մահացած է 31 Յունուար, 1965ին։ Թաղուած է Պանեոյի գերեզմանատունը։ Երկու բանաստեղծութիւններու ժողովածուներ՝ «Վերջին կաթիլներ» եւ «Հին քերթուածներ», լոյս տեսած են 1971ին, յետմահու։