22-26 Յունուարին, Հռոմի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային միացեալ յանձնախումբի 20րդ լիագումար նիստը, նիւթ ունենալով Աստուածամօր կերպարը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ։
Ժողովին, որուն կը մասնակցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, զոր կը ներկայացնեն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան եւ Հոգշ. Տ. Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան։
Երեքշաբթի, 24 Յունուարին, Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հրաւէրով, երկու պատուիրակութիւնները այցելեցին Լեւոնեան վարժարանը, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ մը։
Չորեքշաբթի, 25 Յունուարին, Հռոմի Ս. Պօղոս պազիլիքին մէջ տեղի ունեցաւ Աղօթքի Շաբթուան փակումը՝ Ֆրէնսիս Պապի նախագահութեամբ, որուն հրաւիրուած էին նաեւ նիստին մասնակիցները։