Տրամաբանական է, որ նիւթի մը եւ զայն արտադրողին անուանումները միեւնոյն աղբիւրէն բխած ըլլան։ Այսպէս, մեղր եւ մեղու բառերը ծագած են հնդեւրոպական նախալեզուի *mel արմատէն, որ երկու նշանակութիւնները ունեցած է։ Անոնց –ր եւ –ու վերջաւորութիւնները աւելցած են մեղ արմատին, որ անշուշտ պէտք է մել հնչիւնը ունեցած ըլլայ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերուն։
Վերոյիշեալ հնդեւրոպական արմատէն ծագում առած են մեղրի հետ նոյն իմաստային խումբին պատկանող այլ լեզուներու բառեր՝ լատիներէն mel («մեղր. քաղցրութիւն»), յունարէն mel («մեղր. քաղցրութիւն»), իրլանտերէն milis («քաղցր»), հին անգլերէն mildeaw («նեկտար») եւ milisc («մեղրածածկ, քաղցր»), ինչպէս եւ ալպաներէն, հին իրլանտերէն, հին բարձր գերմաներէն եւ գոթերէն անոնց համարժէք բառերը։
Օրէնք չէ, հարկաւ, որ իրարու կապուած երկու բառեր նոյն ծագումը ունենան։ Առնենք անգլերէնի օրինակը, ուր honey («մեղր») բառը (հին անգլերէն huniq) միայն գերմանական խումբի ուրիշ լեզուներու մէջ կ՚երեւի (գերմաներէն Honig բառին պէս) եւ բխած է հնդեւրոպական վերակազմեալ տարբեր արմատէ մը՝ ՚*khnónks։ Նոյնը կը պատահի bee («մեղր») բառին հետ (հին անգլերէն bēo), որ նոյնպէս ազգակից է գերմանական ուրիշ բառերու հետ (գերմաներէն Biene) եւ հնդեւրոպական նախալեզուի *bhei («մեղու») արմատէն կու գայ։
Մեղր եւ մեղու բառերէն կազմուած են հայերէն ուշագրաւ բառեր, ինչպէս մեղրալուսին, մեղրահաց, իշամեղու եւ մեղուաբուծութիւն։
Հետաքրքրականը այն է, որ թէեւ մեղու, մեղր եւ իրենց անգլերէն համապատասխան բառեը ուղղակի կապ չունին, ընթացիկ անգլերէն բառեր կան, որ կապ ունին մեղր բառին հետ։
Օրինակ՝ caramel բառը անգլերէնը փոխ առած է ֆրանսերէն caramel («այրած շաքած») բառէն, որ նոյնիմաստ հին սպաներէն caramel (ժամանակակից սպաներէն caramelo) բառէն բխած է։ Կը կարծուի, որ վերջինս, իր կարգին, միջնադարեան լատիներէն cannamellis բառէն ծնունդ առած է, որ կը նշանակէ «մեղրի եղէգ» (canna «եղէգ» + mellis՝ mel «մեղր» բառի սեռական հոլով)։
Անգլերէն marmalade բառը կապուած է սերկեւիլին հետ, որ փորթուկալերէն marmelo կը կոչուի եւ ծնունդ տուած է marmelada («սերկեւիլի անոյշ») բառին։ Վերջինս ֆրանսերէնի մէջ դարձած է marmelade եւ անցած անգլերէնին՝ marmalade ձեւով։ Իր կարգին, փորթուկալերէնի արմատը լատիներէն melimelum («անոյշ խնձոր») բառը եղած է, որ սկզբնապէս անուանած է սերկեւիլի մէջ պատուաստուած խնձոր մը։ Հարցը հոս չի փակուիր, քանի որ լատիներէնի աղբիւրը յունարէն melimelon բառը եղած է, որ համադրած է meli («մեղր») եւ mēlon «խնձոդ» բառերը. վերջինը՝ անգլերէն melon («սեխ») բառի արմատն է։
Ի վերջոյ, կ՚արժէ յիշեցնել, որ անգլերէն փաղաքշական sweetie կամ sweetheart բառին համազօրը կարելի է նկատել անուշս կամ անուշիկս բառերը, բայց honey բառին դիմաց բոլորովին շինծու պիտի հնչէր մեղրս կամ նմանօրինակ թարգմանութիւն մը։ Հոգիս բառը հայեցի ու բարեհունչ թարգմանութիւն մըն է, որուն բառացի ըլլալը կարելի չէ պահանջել։