ԱՐՇԱԿ ՏԷՐ-ՄԻՔԷԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 1 Փետրուար, 1864)
Արշակ Տէր-Միքէլեան 19րդ դարու վերջաւորութեան Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի եւ աստուածաբանութեան գիտական ուսումնասիրութեան նուիրուած անուններէն մէկը եղած է։
Ծնած է 1 Փետրուար, 1864-ին, Շուշիի մէջ: Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք քաղաքային վարժարանը (1881), բարձր ուսման հետեւելու նպատակով մտած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888ին։ Այնուհեհետեւ Գերմանիա մեկնած է, հետեւելու Ենայի համալսարանի աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։
1892ին աւարտած է Ենայի համալսարանի ուսման շրջանը, արժանանալով փիլիսոփայութեան դոկտորի տիտղոսին, պաշտպանելէ ետք «Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ բիւզանդեան ժողովոց պարագայք» գիտական աւարտաճառը, զոր հրատարակած է հայերէն թարգմանութեամբ, արժանանալով Իզմիրլեան կտակի «Սահակ-Մեսրոպեան» մրցանակին։ Այս գործը հայկական բիւզանդագիտական դպրոցի ստեղծումը ազդարարած է։ Նոյն տարին, Տէր-Միքէլեան վերադարձած է Ս. Էջմիածին, աստուածաբանութեան դասախօսի պաշտօնը ստանձնելով Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ 1894ին, ուսուցչութեան կոչուած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ:
Այդ ժամանակաշրջանին, Թիֆլիսի «Մշակ» եւ «Նոր Դար» թերթերուն շուրջ բոլորուած ազատական եւ պահպանողական հոսանքներու գաղափարախօսական պայքարը վարակած էր դասախօսներ եւ ուսանողներ։ Արշակ Տէր-Միքայէլեան ջանացած է խռովութիւններու առաջքը առնել, շարունակելով կրթական գործը եւ աշխատելով բարձրացնել ուսանողութեան մակարդակը՝ զարգացած ու լուսամիտ եկեղեցականներ պատրաստելու համար։ Ան եղած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան ջերմ պաշտպանը։
Ուսուցչական ասպարէզի կողքին, ուշագրաւ ու հմտալից յօդուածներով աշխատակցած է առաւելապէս «Արարատ» ամսագրին, ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու։ Աստուածաբանական, կրօնական, պատմական, բանասիրական եւ մանկավարժական նիւթերով արժէքաւոր երկասիրութիւններ արտադրած է։ Հատորով լոյս ընծայած է հետեւեալ գործերը. «Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ բիւզանդական ժողովոց պարագայք» (1982), Սամուէլ քահանայ Անեցիի «Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց» երկի քննական հրատարակութիւնը (1893), «Պսակի Ս. Խորհուրդը» (1894), «Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ Ս. Եկեղեցին եւ իւր կարգը» (1897) եւ «Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցու քրիստոնէականը» (1900)։
Արշակ Տէր Միքէլեան թոքախտի հետեւանքով մահացած է Շուշիի մէջ, 25 Յունիս, 1901ին։