Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան երէցկին Լուսին Պաղտասարեան-Տաղլեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, 25 Յունուարին։ Երէցկին Լուսին, որ հանգուցեալ Արժպ. Տ. Արշակ Ա. Քհն. Տաղլեանի կինն էր, ունեցած է հինգ զաւակներ՝ Սոնիա, Նորա (ամուսնացեալ՝ Ռիչըրտ Սարաճեանի), Այտա (այժմ՝ հանգուցեալ), Յովհաննէս, եւ Հուրի, ինչպէս եւ եօթը թոռներ եւ երկու ծոռներ։ Ան քոյրն էր Վալանթին Պիլեզիկեանի, Մարի Քասապեանի եւ Յակոբ Պաղտասարեանի։
Երէցկին Լուսին ծնած էր Հալէպ, Էմմանուէլ եւ Սաթենիկ Պաղտասարեաններու ընտանիքին մէջ, 3 Օգոստոս, 1925ին։ Ալեփփօ գոլէճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ամուսնացած է Արտաշէս Տաղլեանի (ապագայ Արշակ Քհն. Տաղլեան) հետ, այնուհետեւ հաստատուելով Պէյրութ։ Տէր Արշակ եւ երէցկին Լուսին Արեւելեան Թեմի առաջին ծառայողներէն եղած են։ Շուրջ երեք տարի ծառայած են Ս. Պօղոս եկեղեցիին (Ուոքիկըն, Իլինոյ) եւ Ուեսթ Փուլմընի մէջ (Իլինոյ)։ Այնուհետեւ, անոնք փոխադրուած են Նորթ Անտովըր (Մէսէչուսէթս), ուր 15 տարի ծառայած են իբրեւ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ առաջին հովիւն ու երէցկինը։ Երէցկին Լուսին իր մասնակցութիւնը բերած է դպրաց դասերուն, Հայ Օգնութեան Միութեան, Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան, եւ եղած է Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին։
Արժպ. Տ. Արշակ Ա. Քհն. Տաղլեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, երէցկին Լուսին անդամակցեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ շարունակեց ծառայել մեր Եկեղեցւոյ, նիւթապէս մասնակցելով Ազգային Առաջնորդարանի բազմաթիւ ու բազմապիսի ձեռնարկներու։ Ան միաժամանակ իր խորհրդատուութեամբ նեցուկ կանգնած է նոր սերունդի երէցկիներու։ 2013ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, օրուան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս «Տարուան մայր» տիտղոսը շնորհած է իրեն։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ շրջանիս հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ, յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Չորեքշաբթի, 31 Յունուարին, որուն հետեւեցաւ թաղումը West Parish Garden գերեզմանատան մէջ (Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։ Նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կամ Ազգային Առաջնորդարանին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Ազգային Վարչութեան ներկայ անդամ՝ տոքթ. Հուրի Տաղլեանին, նախկին անդամ՝ Յովհաննէս Տաղլեանին, եւ նախկին ատենապետ՝ փաստաբան Ռիչըրտ Սարաճեանին։
Աստուած երէցկին Լուսին Տաղլեանի հոգին լուսաւորէ եւ մխիթարութիւն պարգեւէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։