Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման միամեայ ծրագիրը կը շարունակուի աւելի քան 20 ուսուցիչներու մասնակցութեամբ։ Անոնք մեծ խանդավառութեամբ ամբողջացուցին դոկտոր Մհեր Յովհաննիսեանի՝ հայոց պատմութիւն դասաւանդելու մեթոտաբանութեան չորս դասապահերը։ Դոկտոր Յովհաննիսեան՝ պատմաբան եւ հայոց պատմութեան դասագիրքի հեղինակ, ուսուցիչներուն օգտակար գիտելիքներ հրամցուց հայոց պատմութիւնը հաճելի, հետաքրքրական եւ աւելի արդիական ձեւերով դասաւանդելու, ինչպէս նաեւ միջոցներ՝ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնն ու մասնակցութիւնը վառ պահելու։ Մասնակցող ուսուցիչները խիստ օգտակար գտան դասախօսին փոխանցած գիտելիքները։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ դասախօսին, որ մեծ եռանդով եւ կորովով կ՚աշխատի հայ կեանքէն ներս հայոց պատմութեան փոխանցման կարեւորութիւնը շեշտելու ուղղութեամբ։
Հայոց պատմութեան յաջորդ երկու դասապահերու (10 եւ 24 Փետրուար) դասախօսը պիտի ըլլայ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։