Սուրբեր

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը։ Վարդանանց պատերազմէն ետք, խումբ մը հոգեւորականներ եւ սարկաւագներ ձերբակալուեցան ու բանտարկուեցան պարսից թագաւորին կողմէ, եւ այնուհետեւ չարչարուեցան ու սպաննուեցան։ Ղեւոնդ Երէց, որ կը յիշուի իբրեւ խումբին ղեկավարը, Վարդան Մամիկոնեանի խորհրդականն էր եւ Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին ներշնչող պատգամ մը ուղղած էր հայոց բանակին։ Ղեւոնդ ստացած էր բարձր կրթութիւն եւ օժանդակած՝ Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան ընթացքին։

454ին նահատակուած Ղեւոնդեան վկաներն էին՝ Յովսէփ կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Ղեւոնդ, Մուշեղ, Արշէն, Մանուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն երէցները, Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագները։