Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ
Շաբաթ, 3 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի տօնը։ Սահակ Պարթեւ ծանօթ է իբրեւ մեր Եկեղեցւոյ ուժեղ նկարագրի տէր ղեկավար։ Գործելով դժուարին պայմաններու տակ, անոր իրագործումները նպաստեցին մեր ազգի գոյատեւումը ապահովելու։
Սուրբ Սահակն ու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը յայտնի են որպէս հայ մտքի լուսաւորիչներ, ի հետեւումն Սուրբ Գրիգորի՝ «հոգիներու լուսաւորիչ», եւ Մեծն Ներսէսի՝ «սրտերու լուսաւորիչ» կոչումներուն։ Սահակ Կաթողիկոս Ս. Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի որդին էր։ Փոքր տարիքէն որբ, ստացած էր բարձրակարգ կրթութիւն, յատկապէս արեւելեան լեզուներու մէջ։ Ան քաջալերեց ու գործնապէս աջակցեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտին։ Այս մեծ իրադարձութենէն ետք, Սահակ կաթողիկոս ձեռնարկեց Կոստանդնուպոլսէն բերուած Աստուածաշունչի վստահելի բնագրի մը թարգմանութեան։ Ան հանդիսացաւ Ոսկեդարու թարգմանական շարժումին սիւնը։ Կրթութեան եւ եկեղեցական կարգապահութեան ու օրէնքին խոր հաւատացող մըն էր։ Անոր շնորհիւ, Հայաստան պահեց իր եկեղեցական ու ազգային ինքնուրոյնութիւնը։
Աւանդաբար կը կարծուի, որ Ս. Սահակ վախճանած է 437ին, 89 տարեկանին, թէեւ որոշ աղբիւրներ մահուան աւելի յառաջացած տարիք կը նշեն։ Ս. Սահակի մահով, վերջ գտած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ժառանգական գիծը։