Առաջնորդարանէն

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 25 Յունուարին, առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան ներկայացուց թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական միութեան աղօթքին։ Այս աղօթքը Նիւ Եորքի կրօնական օրացոյցին մաս կազմած է 1908էն ի վեր իբրեւ քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան մէկ մասնիկը։