Կիրակի, 28 Յունուարին, տէր եւ տիկ. Կրէկըրի եւ Փօլէթ Ռոպըրթ (Ֆայէթվիլ, Ճորճիա) եւ իրենց բարեկամները՝ Ճուտիթ եւ Էտ Ֆուլըր, այցելեցին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին, որուն 96.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին՝ յանուն հանգուցեալ օր. Թելմա Կիւլամէրեանի (1933-2021)։
Օր. Կիւլամէրեան ծնած էր Նիւ Եորք, 1933ին, եւ մկրտուած՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, 26 Դեկտեմբեր, 1948ին, օրուան հոգեւոր հովիւ՝ լուսահոգի Արժպ. Տ.Արսէն Աւագ Քհն. Սիմէոնեանցի կողմէ։ Հօր մահէն ետք, փոխադրուած էր Աթլանթա (Ճորճիա) իր մօր՝ Աստղիկ Կիւլամէրեանի, եւ քրոջ՝ Քլէրի հետ, հոն տեղափոխուած ու ամուսնացած միւս քրոջ՝ Սեդայի մօտ ըլլալու համար։ Թելմա Կիւլամէրեան երկարամեայ վարձակալ եղած է պրն. Կրէկըրի Ռոպըրթսի, որուն հետ բարեկամական կապեր մշակած է։ Անոր յայտնած է իր ցանկութիւնը՝ ունեցուածքը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կտակելու, հակառակ անոր, որ երկար տարիներ Նիւ Եորքէն հեռու մնացած էր։ Պրն. Ռոպըրթս սիրայօժար կերպով ստանձնած է կտակատարութիւնը եւ գործադրած՝ օր. Թելմա Կիւլամէրեանի ցանկութիւնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Կիւլամէրեան ընտանիքին ի յիշատակ, որմէ ետք յատուկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Երգչուհի Յասմիկ Մէյխանէճեանի հայկական երգերու կատարումէն ետք, պրն. Ռոպըրթս ներկայացուց օր. Թելմա Կիւլամէրեանի կենսագրութիւնը եւ արտայայտուեցաւ իրենց բարեկամութեան մասին։ Եկեղեցւոյ ծխականներէն Քրիսթոֆըր Փառնակեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան խօսեցան Մայր Եկեղեցւոյ զգացական կարեւորութեան մասին ամերիկահայութեան իրերայաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ, որոնց շարքին էր հանգուցեալ Թելմա Կիւլամէրեան։ Յայտագրի աւարտին, Տէր Մեսրոպ Քահանայ այցելուներուն յուշանուէրներ յանձնեց ի նշան երախտագիտութեան։