Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քսան տարի առաջ գովելի նախանձախնդրութիւն ունեցած էին ձեռնարկելու երկխօսութեան՝ հարթելու համար աստուածաբանական հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններ, որոնք դարերու ընթացքին կուտակուելով բաժանում յառաջացուցած էին երկու ընտանիքներուն միջեւ։

Անցնող քսան տարիներու ընթացքին երկու տարին անգամ մը ժողովները կը գումարուէին Հռոմի մէջ, եւ մէջ ընդ մէջ ու հերթաբար Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու  կեդրոններու մէջ։ Այս տարի ժողովը կայացաւ Հռոմի մէջ՝ 22-26 Յունուարին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսները։ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակներն էին Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս եւ Գերապատիւ Տ․ Շահէ Ծ․ Վրդ․ Անանեան։ Ժողովի համապատիւ ատենապետներն էին Կարտինալ Քոխ եւ Քիրիլոս Արքեպիսկոպոս։

Հինգ օրերու վրայ տարածուած 15 նիստերու ընթացքին նախ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ իւրաքանչիւր ընտանիքի մասնակիցներու միջեւ, ապա զոյգ ընտանիքներու հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուեցան եօթը դասախօսութիւններ, երեքը՝ Արեւելեան Ուղղափառ, եւ չորսը՝ Կաթողիկէ եկեղեցիներու աստուածաբաններու կողմէ, գլխաւոր նիւթ ունենալով Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի անարատ Յղութեան եւ Վերափոխման վարդապետութիւնները։ Յայտնենք, թէ մինչ Կաթողիկէ Եկեղեցին 1854-ին Աստուածածնի անարատ յղութիւնը, իսկ 1950-ին Վերափոխումը որպէս dogma յայտարարած էր, Արեւելեան ինչպէս նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիները բաժնելով հանդերձ Փրկագործութեան Խորհուրդին հետ առնչուող Աստուածամօր վերաբերեալ աստուածաբանական կենսական հարցեր, կը մերժեն բաժնել  վերոյիշեալ յետսամուտ զոյգ վարդապետութիւները։

Ժողովականները առիթ ունեցան Չորեքշաբթի երեկոյեան հիւրընկալուելու Վատիկանի արտաքին գործոց նախսրար՝ Կարտինալ Փարօլինի կողմէ, Հինգշաբթի երեկոյեան՝ Ս․ Պօղոս պասիլիքին մէջ Աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ արարողութեան մասնակցելու, իսկ Ուրբաթ առաւօտ Ֆրանսիս Պապին հետ ունկնդրութիւն ունենալու։