ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Կիրակի, 11 Փետրուարին, Բուն Բարեկենդան է՝ Մեծ Պահոց սկիզբը։ «Բուն» բառի գործածութիւնը կը զատորոշէ զայն յատուկ տօներ կանխող պահքի ուրիշ բարեկենդաններէ, որոնք եկեղեցական տօնացոյցին մէջ նշուած են։
Բարեկենդանը յատկանշուած է առատ ուտելիքով, ուրախութեամբ, զուարճութեամբ եւ զանազան տօնախմբութիւններով։ Աւանդաբար տան կերակուրները, որոնք Պահքի շրջանին արգիլուած են, Բարեկենդանին կը սպառին կամ ոչ-քրիստոնեայ դրացիներու կը տրուին։ Բոլոր կենդանական արտադրանքները, ներառեալ կաթնեղէն եւ հաւկիթ, արգիլուած են Մեծ Պահքի շրջանին։ Հին հայկական աւանդութիւնը ա՛լ աւելի խիստ էր. անոր համար ալ կը կոչուէր «աղուհաց»ի պահք: