ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (մահ՝ 13 Փետրուար, 1741)
Պոլսոյ Պատրիարք Յովհաննէս Բաղիշեցի (Կոլոտ) արեւմտահայ վերածնունդի ռահվիրաներէն մէկը եղած է իր կրօնական, հանրային ու մշակութային գործունէութեամբ։
Ծնած է Բաղէշի (Պիթլիսի) Խողց գիւղը 1678ին։ «Կոլոտ» մականունը ստացած է իր կարճ հասակին պատճառով։ Ուսում ստացած է տեղւոյն Ամրդոլու վանքի համալսարանին մէջ, ուր դասաւանդած են Վարդան Արք. Բաղիշեցի եւ Գրիգոր Վրդ. Շիրվանցի։ Աւարտելէ ետք, 1689ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, իսկ 1706ին անդամակցած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի միաբանութեան։ Երկրաշարժէն վնասուած վանքի վերանորոգման համար հանգանակութիւն կատարելու առաքելութեամբ, 1712ին մեկնած է Պոլիս, ու հայոց պատրիարքութիւնը զինք ուղարկած է Երուսաղէմ, որ այդ շրջանին ուղղակի կապուած էր Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին։
Երուսաղէմի մէջ իր աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելէ ետք, վերադարձած է Պոլիս եւ 1715ին ընտրուած՝ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք։ Գահակալած է իբրեւ Յովհաննէս Թ. Պատրիարք։
Նշանաւոր եղած էր իր ճարտասանութեամբ։ Յովհաննէս Պատրիարքի պաշտօնավարութեան շրջանին Թուրքիոյ հայոց ազգային, մշակութային ու կրթական կեանքը զարթօնք ապրած է եւ նշանակալից ձեռնարկներ իրագործուած են։ 1719ին օծուած է Գումգափուի Մայր Եկեղեցին, որ հիմնովին այրած էր տարի մը առաջ, 1727ին կառուցուած է Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցին, 1729ին՝ Խասգիւղի փայտաշէն եկեղեցին, 1730ին՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին, նախկինէն աւելի ընդարձակ, իսկ 1732ին վերաշինուած է Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ նախապէս այրած էր։ Միւս կողմէ, Սկիւտարի Ս. Խաչ և Օրթագիւղի եկեղեցիները վերանորոգուած։ 1715ին պատրիարքը բացած է Կ. Պոլսոյ առաջին դպրանոցը՝ Սկիւտարի հոգետունը, որ մատենադարանի հետ միասին հետագային տեղափոխուած է Գումգափուի պատրիարքարանը։ Ան հիմնած է երկու նոր տպարաններ եւ հրատարակած՝ հայերէն 80 հատոր։ 1719ին Մայր Եկեղեցիին կից կազմակեպրուած է դպրաց դաս, որ կարեւոր դեր խաղացած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։
Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք վախճանած է 13 Փետրուար, 1741ին, Պոլսոյ մէջ։