Առաջնորդարանէն

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Թեմիս հոգեւորականաց դասը, նախագահութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, առցանց միացաւ օրուան տօնին խորհուրդը բաժնեկցնելով։

Տօնի յատուկ արարողութենէն ետք, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան խորհրդածութիւն կատարեց եւ վեր առաւ Քրիստոսի ծառայի տիպարը։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները եւ պատգամը ներկայ հոգեւորականներուն, լուսարձակի տակ առնելով Նորին Սրբութեան 2024 թուականի հռչակագիրը՝ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Կրօնական Ժողովի ատենապետ, վարեց հանդիպումը եւ հրաւիրեց իւրաքանչիւր  մասնակից իր թելադրութիւնները կատարելու հռչակագրի թեմայի առնչութեամբ։

Նկատի ունենալով հայ կեանքի հոգեւոր ու կրթական մարզերէն ներս հետզհետէ սուրբ բնոյթ ստացող մարդուժի տագնապը, հոգեւոր հայրերէն իրենց փորձառութենէն մեկնելով գործնական թելադրութիւններ ըրին ստեղծելու համար համակարգ մը եւ ներգրաւելու նոր անձինք ծառայական դաշտին մէջ։