Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆԻ «ՈՒՆԿՆ ԴԻՐ, ՏԷ՜Ր» ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ

Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի «Ունկն դիր, Տէ՜ր» աղօթագիրքը, ինչպէս նաեւ, անջատ հատորով, անոր անգլերէն թարգմանութիւնը՝ “Listen, Lord”, զոր կատարած է Աւետիս Հաճեան։ Գեղատիպ այս հատորը կը պարունակէ 100 աղօթքներ՝ մարդկային տարբեր վիճակներու եւ զանազան պայմաններու համար գրուած մատչելի ոճով։ Սոյն աղօթագիրքին նպատակն է մարդկային զգացումները, նեղութիւններն ու յաճախակի հարցադրումները հանգիստ ձեւով արտայայտել Աստուծոյ, եւ միաժամանակ մխիթարութիւն, ներքին զօրութիւն եւ խաղաղութիւն գտնել աղօթքներու ճամբով։ Զոյգ հրատարակութիւնները լոյս տեսած են Ռաֆֆի եւ Փաթրիշիա Քիւրեճեան ամոլի (Տիթրոյթ) մեկենասութեամբ, եւ տրամադրելի են Առաջնորդարանի գրախանութէն (armenianprelacy.org/shop), հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։