Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԳԵՐՊ. Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ (1942 – 21 Փետրուար, 2024)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին, 82 տարեկան հասակին։ Վերջին օծման կարգը եւ թաղումը պիտի կատարուին Հինգշաբթի, 22 Փետրուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Աւազանի անունով՝ Արա, ծնած է 1942 թուականին, Քէսապի Գարատուրան գիւղը (Սուրիա)։ Փոքր տարիքին Պուրճ Համուտ (Լիբանան) փոխադրուելով ծնողքին հետ,  նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Քառասնից Մանկանց ազգ. վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1956-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ՝ Լիբանանի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի։

Երեք տարի հետեւելէ ետք Ընծայարանի դասընթացքներուն, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 26 Մայիս, 1963-ին, ձեռամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Եղիշէ Աբեղայ։

Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան,  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին մէջ Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի իր ուսումը ստանալէ ետք (1956-1963), կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 26 1963ին, ձեռամբ՝ Ամերիկայի Հայոց Թեմի օրուան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Եղիշէ Աբեղայ։

1963-1965-ին ստանձնած է Կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսչութիւնը, միանգամայն Դպրեվանքէն ներս դասաւանդելով գրաբար ու հայերէն, իսկ Մարտիկեան Վարժարանէն ներս՝ ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն։

1965-ին առաքուած է Նոր Ջուղա (Իրան) իբրեւ դասախօս Սպահանի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնին։ Նոյն տարիներուն, ան նաեւ դասաւանդած է Նոր Ջուղայի ազգային վարժարաններուն մէջ՝ հայերէն, գրաբար, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ կրօնագիտութիւն։ Իր մասնակցութիւնը բերած է Նոր Ջուղայի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Սարգիսեանի կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերաորակաւորման գիշերային դասընթացքներուն։ 1967-ին հիմնած ու կազմակերպած է Սպահանի պետական համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւնը։

1974-1976-ին Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ արեւելագիտութեան ճիւղին հետեւած է։

Այնուհետեւ, հովուական պաշտօններ վարած է Գալիֆորնիա՝ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ (1976-1977), Էնսինոյի Ս. Նահատակաց (1977-1980) եւ Ֆրէզնոյի Ս. Երրորդութիւն (1980-1983) եկեղեցիներուն մէջ։ 1976-1977-ին կրօնք եւ հայ մշակոյթի պատմութիւն դասաւանդած է Մոնթէպէլլոյի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ 1980-1983-ին դասաւանդած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի (Ֆրէզնօ) հայագիտական բաժանմունքին մէջ։

1983-1997-ին նշանակուած է Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։ Իր օրերուն իրագործուած է Ապրիլեան Յուշարձանի կառուցումը Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ եւ հաստատուած է գիշերային դասախօսութիւններու լսարան։

Այնուհետեւ, 1997-2000-ին Վանգուվըրի (Գանատա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է, իսկ 2000-2003-ին՝ Արեւելեան Թեմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր)։

Վերադառնալով Անթիլիաս, 2004-2007-ին գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ, իսկ 2006-2009 թուականներուն ստանձնած է «Կիլիկիա» թանգարանի եւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչի պաշտօնները։

2010-2011-ին Ատրպատականի Կաթողիկոսական Փոխանորդի պաշտօնը վարած է։

Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան հրատարակած է հետեւեալ հատորները՝ «Յովհաննէս Կաթողիկոս Օձնեցի» (1967), «Դուք ի՞նչ կը մտածէք» (1970), «Սահակ Պարթեւ Հայրապետ» (1971), «Անթառամ շողեր» (1977), «Գրասեղանիս թուղթերէն» (1981), «Ամօթին հայկականը» (Ե. Տիգրան գրչանունով, 1997) եւ «Ոգեղէն ճոպանուղի» (2008)։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։