Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համատեղ կազմակերպուած Մեծ Պահքի յայտագրի երկրորդ դասախօսութիւնը։ Դասախօսութիւններու շարքը կը կեդրոնանայ մարդուժի վրայ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ 2024 թուականը իբրեւ Մարդուժի Պատրաստութեան տարի հռչակման լոյսին տակ։

Այս անգամ, Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, «Ձկնորսներէն մինչեւ մարդու ձկնորսներ» խորագրով դասախօսութիւնը նուիրուած էր հայ հոգեւորականներու պակասին ու զանոնք ներգրաւելու անհրաժեշտութեան, մեկնելով Աւետարանի Յիսուս կողմէ հասարակ ձկնորսները մարդու ձկնորսներու վերածելու պատկերէն։ Դասախօսը ընդգծեց հաւատքի համայնքի կենսական դերը ապագայ հոգեւորականներ կազմաւորելու եւ մշակելու ուղղութեամբ։

Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Յայտագրին մաս կը կազմէին Հսկումի կարճ արարողութիւն մը եւ հիւրասիրութիւն մը՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանաւորութեամբ։