Սուրբեր

Ս. ԿԻՒՐԵՂ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ

Շաբաթ, 24 Փետրուարին, Հայ Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Եկեղեցւոյ վարդապետներէն Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետի (315-386) տօնը։ Ս. Կիւրեղ մեղմ եւ հաշտարար անձ էր, սակայն կ՚ապրէր ժամանակի մը մէջ, երբ տաք բանավէճերու մէջ մխրճուած եպիսկոպոսները զիջողութեան որեւէ փորձ մինչեւ իսկ դաւաճանութիւն կը կոչէին։

Ս. Կիւրեղ իր եպիսկոպոսութեան 35 տարիներէն տասնվեցը անցուցած է աքսորի մէջ։ Երբ սովը հարուածած էր Երուսաղէմը, ան եկեղեցւոյ գոյքերուն մէկ մասը ծախած էր՝ դրամ հաւաքելու աղքատ եւ սովեալ ժողովուրդին համար։ Գոյքերու վաճառքը պատճառ եղած էր, որ դատապարտուէր ու աքսորուէր։

Մեզի հասած անոր լաւագոյն գործը՝ «Կոչումն ընծայութեան», քրիստոնէական աստուածաբանութեան հնագոյն համակարգուած շարադրանքներէն մէկը կը նկատուի։ Բաղկացած է ներածական դասախօսութենէ մը, որուն կը հետեւին քրիստոնէական հաւատքին նուիրուած 18 դասախօսութիւններ, որոնք Մեծ Պահքի ժամանակ կը գործածուէին Ս. Զատիկին մկրտուելու կոչուած անձերու կողմէ, ինչպէս եւ հինգ դասախօսութիւններ՝ Զատիկէն ետք Մկրտութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդներուն մասին։ Այս դասախօսութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, որոնց շարքին՝ հայերէնի, եւ կը յատկանշուին քրիստոնէական հաւատքի դրական ներկայացումով եւ ուղիղ հաւատքի ու սուրբ գործունէութեան հաւասարակշռութեան պահպանումով։

Աւագ Շաբթուն, հազարաւոր ուխտաւորներ Երուսաղէմ կ՚երթային։ Կիւրեղ հաստատած է այս շաբթուան ընթացքին կիրարկուող ծիսակատարութիւնները՝ ըստ Երուսաղէմի ձեւերուն։ Երուսաղէմի մէջ 4րդ դարու Աւագ Շաբթուան ծէսերու նկարագրութիւնը կը պարտինք Եգերիա (Եթերիա) անունով կնոջ մը, որ կը կարծուի, թէ սպանացի մայրապետ մըն էր, եւ որ Երուսաղէմ ուխտագնացութիւն մը կատարած է եւ օրագիր պահած՝ նկարագրելով տարբեր սուրբ վայրերու ծիսակատարութիւնները։