Ռուս դիւանագէտ Անտրէ Մանտելշթամ կարեւոր դեր մը ունեցած է հայկական բարենորոգումներու ծրագրի մշակման մէջ, որ սկսած էր գործադրուիլ 1914-ին, երբ պատերազմը սկսած եւ զայն ձախողութեան մատնած է։
Ծնած է 6 Մարտ, 1869-ին, հրէական ընտանիքի մը ծոցին մէջ, Մահիլիօ (Պելառուս), որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Ռուսական կայսրութեան մէջ։ Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղէն վկայուած է, իսկ այնուհետեւ արեւելեան լեզուներ սորված է նոյն համալսարանին մէջ։ Հոն նաեւ դասաւանդած է։ Համալասարանը զինք ղրկած է Փարիզ 1897-1898 իբրեւ ազատ ունկնդիր քաղաքական գիտութիւններու ազատ դպրոցին մէջ։ 1900-ին միջազգային իրաւունքի դոկտոր դարձած է։
Մանտելշթամ իր դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է 1893ին, պաշտօնավարելով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ 1898-1914-ին, թարգմանի պաշտօնը վարած է Կ. Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան մէջ, դառնալով Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտ մը։ Մինչ սկզբնապէս օսմանեան յեղափոխութիւնը գնահատած է իբրեւ բռնակալութեան վերջը, այնուհետեւ բացայայտած է Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէի մենատիրական ձգտումները։ Վճռական դեր կատարած է 1912-1914-ին, հայկական բարենորոգումներու շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին, եւ գրած է անոր ծրագրի սեւագրութիւնը 1913-ին։
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը մեկնած է Պոլիսէն եւ վերադարձած՝ Ռուսաստան, ուր 1914-1916ին ռազմագերիներու բաժնի փոխվարիչն էր Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ։ 1916-1917ին, Զուիցերիոյ ռուսական դեսպանատան կցորդ եղած է՝ ռազմագերիներու խնդիրներուն համար։ 1917-ին լոյս ընծայած է «Օսմանեան կայսրութեան ճակատագիրը» (ֆրանսերէն), ուր իր համակրանքը յայտնած է հայերու հանդէպ։
1917 Մարտին, Արտաքին Գործոց նախարարութեան իրաւական տնօրէն դարձած է, բայց Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ստիպուած է լքել Ռուսաստանը եւ հաստատուիլ Փարիզ։
Միջպատերազմեան շրջանին, Մանտելշթամ զբաղած է դասախօսական ու միջազգային իրաւագիտութեան աշխատանքով։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիակութեան խորհրդական եղած է նաեւ։.
1926-ին հրատարակած է «Ազգերու Ընկերութիւնները եւ մեծ պետութիւնները հայկական խնդրին առջեւ» (ֆրանսերէն)։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ, բնորոշած է հայերու ներկայ վիճակը իբրեւ աւելի վատթար, քան նախապատերազմեան շրջանին, նկատի ունենալով ցեղասպանութիւնը եւ մեծ պետութիւններու շահագրգռութեան պակասը Հայկական Հարցին հանդէպ, ներառեալ՝ անկախ պետութեան երաշխիքներու պակասը։ 1926-ին հրատարակած է «Ազգերու Ընկերութիւնը եւ տէրութիւնները հայկական խնդրին առջեւ»։
1920ական թուականներու վերջերուն, Մանտելշթամ իրաւական խորհրդատուութիւն տուած է Փարիզի Հայ Գաղթականներու Կեդրոնական Յանձնաժոպովին՝ քեմալական կառավարութեան կողմէ գաղթականներու գոյքերուն բռնագրաւման մասին եւ վերապրողներու կողմէ անոնց վերստացման կարելիութեան մասին։
Մանտելշթամ շարունակած է իր գիտական աշխատանքները մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը։ Այնուհետեւ, յօդուածներ գրած է ամերիկեան մամուլին մէջ։
Մահացած է 27 Յունուար, 1949ին, Նէոյի մէջ, եւ թաղուած ՝ Սէն Ժընըվիէվ-տէ-Պուայի գերեզմանատան մէջ։