ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
22-26 Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ տնօրէն Արա Խզմալեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդականներ):
Ուրբաթ, 23 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան խորացման տարբեր նիւթեր, եւ հիւրերը փափաքեցան ունենալ Վեհափառ Հօր տեսակէտն ու օրհնութիւնը երկու մարզերու մէջ: Առաջինը կը վերաբերէր մեր ձեռագրական ժառանգութեան վերարժեւորման, գրչագրական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան, ձեռագիրներու պահպանման, վերականգնման եւ թուայնացման, իսկ երկրորդը՝ հայագիտութեան ներկայ վիճակն ու ապագայ ձգտումները քննարկող համագումարի կայացման ու անոր առաջադրած առաջնահերթ խնդիրները պարզող ու համակարգող կարելիութիւնները ձեւակերպման: Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Մատենադարանին տեղը, դերն ու կարեւորութիւնը եւ ողջունեց տնօրէն Խզմալեանի նշանակումը, մաղթելով յանձնառու, լուրջ եւ խանդավառ գործունէութիւն: Այնուհետեւ, ան պարզեց իր նշումներն ու պատկերացումները:
Նոյն երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, պատուիրակութիւնը զեկուցական հանդիպում մը ունեցաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, միաբանութեան եւ ուսանողութեան հետ:
Շաբաթ, 24 Փետրուարին, պատուիրակութիւնը այցելեց Զմմառու պատրիարքական կղերական միաբանութեան եւ գործակցութեան յուշագիր ստորագրեց, իսկ այնուհետեւ այցելեց Պիքֆայա՝ Ս. Աստուածածին վանքն ու դպրեվանքը։ Հիւրերը դիմաւորուեցան տեսչութեան եւ ուսանողութեան կողմէ եւ իրազեկ դարձան հոն տարուող ուսումնակրթական գործունէութեան:
Կիրակի, 25 Փետրուարին, Մատենադարանի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանն ու թանգարանը, ծանօթացան ձեռագրական ու հնատիպ հաւաքածոներուն եւ մշակութային թանկարժէք ժառանգութեան: Ապա, մեկնեցան Ժպէյլ եւ ծանօթացան «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:
Իսկ Երկուշաբթի, 26 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութեան կրկին առիթը ունեցաւ տեսակցելու Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ իրազեկ դարձնելու այցելութեան արդիւնքին մասին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան ու ջերմ վերաբերմունքին համար։