Featured, Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԻՆ ԵՐՐՈՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 28 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համատեղ կազմակերպուած Մեծ Պահքի յայտագրի երրորդ դասախօսութիւնը։

Օրուան դասախօսն էր Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, նիւթ ունենալով Ծննդոց գրքին մէջ Յովսէփի տիպարը։ Ան վեր առաւ Հին Կտակարանի եբրայեցի ժողովուրդի կեանքին մէջ կեդրոնական դէմք հանդւսացող այս անձնաւորութեան յատկանիշները, ի մասնաւորի շեշտելով անոր ղեկավարի արժանիքները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ հռչակուած Մարդուժի Պատրաստութեան Տարիի ընդհանուր թեմայի լոյսին տակ։

Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Յայտագրին մաս կը կազմէին Հսկումի կարճ արարողութիւն մը եւ հիւրասիրութիւն մը՝ տիկ. Վըրճինիա Տէյվիսի հովանաւորութեամբ։