Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ «ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»Ի ԾՐԱԳՐԻՆ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։

Յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք այս նպատակին համար, որ սկիզբ առաւ 20 Փետրուարին եւ որուն արդիւնքը պիտի յայտարարուի 23 Մարտին։

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, համազգային դրամահաւաքը ողջունեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Շահան Արք. ընդգծեց կարեւորութիւնը «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»ին, որովհետեւ մշակոյթը մեր ինքնութիւնը կերտող կարեւորագոյն հիմքերէն է, որուն իւրացման եւ անոր հետ նոյնացման ընթացքով մենք պիտի կարենանք պահել Արցախը՝ Արցախի սահմաններէն անդին, եւ մեր նիւթա-բարոյական աջակցութեամբ գործնապէս պիտի նպաստենք Արցախի մշակոյթին վերակենդանացումին եւ վերածաղկումին։