ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին՝ 3 Մարտ, Տնտեսի Կիրակին է։ Անիրաւ տնտեսին առակը Ղուկասի աւետարանին մէջ կը գտնուի, գլուխ 16 (տե՛ս վերի ընթերցումը)։ Առակը մեծահարուստ մարդու մը եւ անոր տնտեսին մասին է։ Վերջինս իր անձնական շահին կը նայէր եւ, հնարամիտ ձեւերով, կարգադրութիւններ ըրած էր իր տիրոջ պարտապաններուն հետ։ Յիսուս այս առակը գործածեց ո՛չ թէ տնտեսին վարմունքը, այլ ճշմարիտ աշակերտներու կեանքին մէջ պահանջուող բարեմասնութիւններ վեր հանելու համար։ Քանի որ աշխարհի տնտեսներ ենք, մեր Տիրոջ հաշուետու ենք մեր ունեցած տաղանդին եւ մեզի վստահուած բաներուն համար։
Յիսուս միշտ օգտագործած է առակները իբրեւ դաստիարակչական միջոց։ Անոր առարկները պարզ պատմութիւններ էին, սովորաբար կարճ ու միշտ հետաքրքրական։ Ընդհանրապէս, Ան զանոնք գործածած է բարոյական կարեւոր դասեր տալու համար։ Կարգ մը առակներ պարզ ու դիւրին հասկնալի են, մինչ ուրիշներ՝ աւելի բարդ ու կեդրոնացում պահանջող։