ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
Շաբաթ, 9 Մարտին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սեբաստիոյ քառասուն նահատակ երիտասարդ զինուորներուն տօնը, որոնք «մանուկ» կը կոչուին (մանուկ թէ՛ «երիտասարդ» եւ թէ՛ «զինուոր» կը նշանակէ գրաբարով)։ Թէեւ անոնց ինքնութիւնը անծանօթ է, կը կարծուի, որ Փոքր Հայքի բնիկ էին եւ կը ծառայէին հռոմէական բանակին մէջ։
Ըստ Ս. Բարսեղ Կեսարացիի, զինուորները, որոնք 320 թուականին Սեբաստիոյ հռոմէական կայազօրին մաս կը կազմէին, մերժած են պաշտել հռոմէացի կայսրը։ Անոնք հաւատարիմ մնացած են իրենց քրիստոնէական հաւատքին, որուն համար դատի ենթարկուած են եւ դատապարտուած՝ քարկոծուելու։ Երբ դատավճիռը կը գործադրուէր, քարերը՝ փոխանակ դատապարտեալները հարուածելու, հրաշքով ետ ցատկած են ու քարկոծողները հարուածած։ Այնուհետեւ, զինուորները նետուած են սառած լիճի մը մէջ, ուր պիտի մնային մինչեւ որ իրենց հաւատքը ուրանային։ Քառասունէն միայն մէկ հոգի ետդարձ կատարած է եւ լիճէն դուրս եկած։ Մինչ այդ, քառասուն լուսապսակներ երկինքէն կ՚իջնեն, իսկ ատիկա տեսնող պահակներէն մէկը իսկոյն քրիստոնեայ հռչակած է ինքզինք եւ ուրացողին տեղը առած։ Քառասուն զինուորները ի վերջոյ մահացած են։
Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, Եփրեմ Ասորի եւ Սիսիանոս Սեբաստացի ներբողներ գրած են քառասուն նահատակներուն մասին, որոնք իւրաքանչիւր տարի կը յիշուին Միջինքին յաջորդող Շաբաթ օրը։ Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ աշխարհի մէջ «Քառասուն Մանկանց» անունը կը կրեն, որոնց շարքին յատկապէս նշանաւոր է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, որ կառուցուած է 15րդ դարուն։