ՀԱՄԵՐԳ՝ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Շաբաթ, 13 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Մերքին» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փեկասուս» նուագախումբի 2023-2024 տարեշրջանի եզրափակիչ համերգը, նուիրուած՝ աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120ամեակին։
Համերգը պիտի ղեկավարէ նուագախումբի հիմնադիր, գլխաւոր նուագավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Յակոբեան, որ 2011, 2013 եւ 2017 թուականներուն մասնակցած է Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրին։
Յայտագիրը պիտի կազմեն Խաչատուրեանի, Ստրաւինսկիի, Չայկովսկիի եւ Պէթհովէնի գործեր։ Տոմսակները կարելի է ապահովել սեղմելով այստեղ: