Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԵՍՐՈՎԲ Յ. ՍԷԹ (ծնունդ՝ 15 Մարտ, 1871)

Հնդկահայ գաղութի տարեգրութեան եւ ուսումնասիրութեան մէջ, ոսկի տառերով կը յիշուի պատմաբան, ուսուցիչ եւ հանրային գործիչ Մեսրովբ Սէթի անունը։

Մեսրովբ Յակոբ Սէթ ծնած է Նոր Ջուղա, 15 Մարտ, 1871-ին։ Հայրը՝ Յակոբ Սէթեան, նշանաւոր գրող ու մանկավարժ Մեսրոպ Թաղիադեանի աներձագն էր։ Նախնական ուսումը ստացած է Նոր Ջուղայի բողոքական միսիոնարներու դպրոցին մէջ։ Տեսնելով զաւակի բացառիկ ընդունակութիւնը, հայրը որոշած է ընտանիքը տեղափոխել Կալկաթա, որպէսզի պատանի Մեսրովբը իր ուսումը շարունակէ քաղաքի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին մէջ։ 1889-1891ին երկրորդական ուսումը ստանալէ ու աւարտելէ ետք ոսկեայ մետալով, ան մտած է Կալկաթայի համալսարան։ 1895-ին, Կալկաթայի համալսարանի աշխարհաբարի եւ գրաբարի քննիչ նշանակուած է ու այս պաշտօնը վարած՝ մինչեւ կեանքին վերջը։ Նոյն տարին, լոյս ընծայած է հնդկահայ գաղութի պատմութեան նուիրուած անգլերէն աշխատութիւնը՝ «Պատմութիւն Հնդկաստանի հայերու»։

Սէթ իր ոսկերիչի արհեստը ապրուստի միջոց համարած է եւ գրեթէ ամբողջ ուշադրութիւնը նուիրած է գրական գործունէութեան։ Գրաբարի ջերմեռանդ սիրահար ու մոլի պաշտպան ըլլալով, իր հայերէն յօդուածագրութիւնն ու գիտական ուսումնասիրութիւնները գրաբարով շարադրած է «Բազմավէպ»ի, «Հանդէս ամսօրեայ»ի, «Հայաստանի կոչնակ»ի եւ այլ պարբերականներու մէջ։ Ան արտասովոր հակում ու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է պատմական ու հնագիտական հետազօտութիւններու նկատմամբ եւ տասնամեակներ շարունակ մեծ եռանդով զբաղած է հին ձեռագիրներու, նամակներու, գերեզմանային արձանագրութիւններու եւ յուշատախտակներու ուսումնասիրութեամբ՝ Հնդկաստանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն ու գերեզմանատուներուն մէջ։ Չորս տասնամեակներու իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնները ամփոփած է երկրորդ անգլերէն հատորին մէջ՝ «Հայերը Հնդկաստանի մէջ՝ հնութենէն մինչեւ մեր օրերը» (1937), որ հնդկահայ գաղթավայրի հետազօտութեան անշրջանցելի աղբիւր մըն է։

Մեսրովբ Սէթ աշխոյժ գործունէութիւն տարած է Կալկաթայի հայ համայնքին մէջ եւ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած։ 1910-1915ին, Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի հոգաբարձութեան անդամ եղած է, իսկ այնուհետեւ՝ Ս. Նազովրեցիի հայ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղի փոխատենապետ։ Կալկաթայի հայերը անոր գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանը տօնած են 1928-ին։

Վաստակաւոր գիտնականը մահացած է 31 Հոկտեմբեր, 1939ին ու թաղուած՝ Կալկաթայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Ամուսնացած չէր եւ ոչ ալ ժառանգ ձգած է։ Դժբախտաբար, անոր անձնական թուղթերը, ներառեալ՝ շարք մը անտիպ գործեր, ըստ երեւոյթին ծախուած ու կորսուած են մահէն ետք։