Տօներ

ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 23 Մարտին, կը նշենք Ղազարոսի յարութիւնը, որ նկարագրուած է Յովհաննէսի Աւետարանի 11րդ գլուխին մէջ։ Ղազարոսն ու իր քոյրերը՝ Մարիամ եւ Մարթա, Յիսուսի լաւ բարեկամներն էին։ Ամէն անգամ, որ Երուսաղէմ այցելէր, Յիսուս անոնց տունը կ՚այցելէր՝ Բեթանիայի մէջ, Երուսաղէմի մօտերը։ Ղազարոսի յանկարծական մահը խոր սուգի մատնեց անոր քոյրերը։ Յիսուս ալ լացաւ իր բարեկամին համար։ Յովհաննէսի Աւետարանը կը շեշտէ, որ Ղազարոս մահացած էր ու անոր մարմինը՝ արդէն գերեզման դրուած էր չորս օրերէ ի վեր։ Յիսուսի կողմէ Ղազարոսի յարութիւնը բազմաթիւ մարդիկ համոզեց անոր աստուածային զօրութեան մասին, ինչ որ, ըստ Յովհաննէսի, օրուան իշխանութիւնը մղեց  քայլերու ձեռնարկել՝ զայն լռեցնելու համար։

Ղազարոս կը ներկայացնէ մարդկութիւնը, իսկ Բեթանիա՝ ամբողջ աշխարհը։ Այս օրուան գլխաւոր նիւթերն են՝ Քրիստոսի գալիք յաղթանակը մահուան վրայ, սիրոյ գերագոյն զոհողութիւնը եւ յարութիւնը՝ իբրեւ սիրոյ գերագոյն յաղթանակը։

Մեծ Պահքի քառասուն օրերը իրենց աւարտին կը հասնին՝ Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեան նախորդ օրուան՝ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութեամբ։ Աւագ Շաբթուան ծոմի նոր շրջան մը կը սկսի Երկուշաբթի օր ու կը շարունակուի մինչեւ Աւագ Շաբաթ։