Ամերիկացի ուսուցիչ եւ օգնութեան աշխատող Պերթա Պ. Մորլի դպրոցներ եւ որբանոցներ վարած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ երեխաներ փրկած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, իր օրագիրներուն մէջ արձանագրելով ականատեսի էական վկայութիւններ։
Մորլի ծնած է 21 Յունիս, 1878-ին, Մենթըր (Օհայօ)։ Յաճախած է Օպերլին գոլէճը (1895-1898), բայց չէ աւարտած՝ առողջական տկար պայմաններուն պատճառով։ 1898-1900-ին յաճախած Լէյք Էրիի երաժշտանոցը, իսկ 1904-ին մաս կազմած է Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոցը (Պոսթոն)։ 1905-1910-ին ուսուցչութիւն ըրած է Ամերիկեան Միսիոնարական Ընկերակցութեան գիշերօթիկ դպրոցին մէջ (Փլէզընթ Հիլ, Թենըսի)։
1911-ին ճամբորդած է Մարզուան (Փոքր Ասիա), այցելութիւն տալու իր քրոջ ու քեռայրին, որ տեղւոյն ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանցը կը վարէին։ 1911-1913-ին ուսուցչութիւն ընելէ ետք Կէտիկփաշայի (Պոլիս) ամերիկեան վարժարանին մէջ, 1913-1916-ին անցած է Արեւմտեան Թուրքիոյ միսիոնարական առաքելութեան եւ դասաւանդած է Անատոլիա աղջկանց վարժարանին մէջ (Մարզուան)։ Ապրիլ-Սեպտեմբեր 1915-ին, ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին եւ օրագիր պահած։ Իր օրագրութեան մէջ, Մորլի նկարագրած է ցեղասպանութեան աստիճանական զարգացումը՝ Մարզուանի հայութեան կործանումը, հայկական ունեցուածքի կողոպուտը եւ հայ կիներու եւ երեխաներու բռնի իսլամացումը։ Ան նաեւ վկայած է օսմանեան իշխանութիւններու փորձերը՝ ոճրային գործունէութիւնը ծածկելու։
1916-ին, Մարզուանի միսիոնարական հաստատութիւնները փակուած են կառավարութեան կողմէ եւ Մորլի ստիպուած է վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ, ուր դասընթացքներու հետեւած է 1916-1917-ին։ 1918-1919-ին, Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հետ վերադարձած է Միջին Արեւելք գաղթականներու օժանդակութեան սատարելու։ Անթուրայի (Լիբանանի) 630 երեխաներու որբանոցի տեսուչը եղած է, մեծ մասով՝ հայ։ Ան որդեգրած է 11 հայ մանուկներ։
Թուրքիոյ պարտութենէն ետք, Մարզուանի միսիոնարական հաստատութիւնները վերաբացուած են, եւ Մորլի վերադարձած է հոն իր երեխաներով, «Անատոլիա» աղջկան վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելով։ Սակայն, Մարտ 1921-ին «Անատոլիա» գոլէճը վերստին փակուած է թրքական կառավարութեան կողմէ, իսկ Մորլի ու անոր երեխաները փոխադրուած են Իզմիր, ուր ան Իզմիրի աղէտի ականատես եղած է Սեպտեմբեր 1922ին, հայ աղջկանց որբանոցէն բազմաթիւ երեխաներ փրկելով եւ ամիրիկեան առեւտրական նաւու մը միջոցաւ զանոնք փախցնելով Աթէնք։
Մորլի դասաւանդած է Սելանիկի ամերիկեան աղջկանց վարժարանին մէջ մինչեւ Յունիս 1923, իսկ երբ Մարզուանի աղջկանց վարժարանի վերստին բացուած է, հոն վերադարձած է 1924-1925-ին, որմէ ետք մեկնած է Միացեալ Նահանգներ առողջական պատճառներով։ Իր երեխաները դպրոց դնելով, համալսարանական ուսումը աւարտած է 1929-ին։
1929-1941-ին, Մորլի Սելանիկի «Անատոլիա» գոլէճի աղջկանց վարժարանի տնօրէնուհի եղած է։ Հոն ծառայած է մինչեւ գերմանական ներխուժումը Յունաստան՝ Բ. Աշխարհամարտին, որմէ ետք վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ, հանգստեան կոչուելով 1945-ին։ Չորս տարի ետք, փոխադրուած է Գալիֆորնիա՝ իր հիւանդ քրոջ հոգ տանելու։ Մահացած է 22 Մարտ, 1973-ին, Գլէրմոնթի մէջ (Գալիֆորնիա)։ Պերթա Մորլիի օրագրութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է 2000 թուականին, Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ։