Տօներ

ԱՅՍՕՐ ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ Է

Աւագ Հինգշաբթին կ՚ոգեկոչէ քանի մը իրադարձութիւններ։ Նախ Վերջին Ընթրիքը՝ ըստ Աւետարաններու նկարագրութեան, եւ Ոտնլուան, որ տեղի ունեցաւ երբ Յիսուսի աշակերտները կը վիճէին, թէ իրենցմէ ո՞վ ամենէն մեծը պիտի ըլլար։ Այս տխուր վարմունքը տեսնելով, Յիսուս «մեծութեան» կենդանի օրինակ մը ցուցաբերեց՝ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, ի նշան ճշմարիտ խոնարհութեան։

Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքը եւ մահավճիռը յիշատակող Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հինգշաբթի օրուան մեծ հսկումէն անցման դէպի Աւագ Ուրբաթ։ Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ խորհրդաւոր եւ Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին հանգրուանը խորհրդանշող սրտառուչ շարականներով։ Խաչեալին պատկերին առջեւ խորհրդանշական կերպով, 12 մոմեր կը զետեղուին առաւել Քրիստոսը խորհրդանշող մեծ մոմը։ Բացի մէկէն, որ կը ներկայացնէ Յուդան, մնացեալները կը վառին եւ իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցման աւարտին կը մարուին։ «Փառք ի Բարձունս» երգի սկզբնաւորութեան,   մեծ մոմը կը տարուի վարագոյրին ետեւ եւ, «Ո՞ւր ես, մայր իմ» երգէն ետք, դարձեալ ետ կը բերեուի վարագոյրին առջեւ, մինչ դպիրները կ՚երգեն «Փառք ի Բարձունս»ի վերջին տողը՝ «Ծագեա զողորմութիւնս քո, որ ճանաչեն զքեզ, Տէր» (Ծագեցուր քու ողորմութիւնդ անոնց, որ կը ճանչնան քեզ, Տէր)։

Արարողութեան ընթացքին կը կարդացուին Աւետարաններէ եօթը հատուածներ, որոնց ընթացքին հաւատացեալները հանգոյցներ կը կազմեն դերձանով եւ իրենց ձեռքին վրայ կը կրեն կա՛մ 40 օր՝ մինչեւ Համբարձման տօնը, եւ կա՛մ մինչեւ ինքնաբերաբար փրթին։ Հանգոյց կապելու այս պարզ սովորութիւնը Սուրբ Գրային խորիմաստ նշանակութիւն ունի, արձագանգելով Բ. Օրինաց գրքի այն պատգամին, թէ հաւատացեալները Աստուծոյ պատուիրանները պէտք է իրենց ձեռքին վրայ կրեն մշտական կերպով (Բ. Օրինաց, 6.4-9)։