Առաջնորդարանէն

ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ «ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հետեւելով տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան մը, այցելեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ․ Սահակ Ծ․ Վրդ. Եմիշեանի՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հովիւ, եւ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Տնօրհնէք կատարելու եւ հանդիպում ունենալու աշակերտութեան հետ։

Այս տարի, այս այցելութիւնը առաւել եւս ճոխացաւ, երբ Տնօրհնէքէն ետք Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ դպրոցի կողմէ կազմակերպուած մեծ հայրերու-մայրերու եւ թոռները նախաճաշի ձեռնարկին։ Աշակերտներու հետ մտերմիկ զրոյցով, առաւել եւս կապը ջերմացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ նորահաս սերունդին միջեւ։