ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 24 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաղաղութեան Իշխանին յաղթական մուտքին Երուսաղէմ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «Խաղաղութեան քաղաք»։ Սրբազան Հայրը վեր առաւ այն մտածումը, թէ ներկայիս մարդկային ընտանիքը աւելի քան երբեք պէտք ունի խաղաղութեան, երբ մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքը կը խռովուի փոթորկալից իրադարձութիւններու պատճառով։ Մաղթեց, որ խաղաղութիւնը ծիածանուի համայն աշխարհի, մանաւանդ Հայաստանի եւ արցախեան մեր հայրենիքներու կամարներուն վրայ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ան ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց դպիր Յակոբ Քէչէճեանին։