Տօներ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՏՕՆԵՆՔ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ

Զատկուան օրը, քրիստոնեաները կը ցնծան մեր Տիրոջ յարութեամբ եւ վարագոյրները կը բացուին։ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը իր աւարտին կը հասնի։ Հայերս այս ուրախ առիթը կը տօնենք հաւկթախաղով։ Եւրոպայի բողոքական հանրութեան մէջ 17րդ դարուն ծայր առած աւանդութիւնը՝ Զատկուան նապաստակի մասին, այժմ ժողովրդականութիւն ստացած է ամբողջ աշխարհի մէջ. ըստ որուն՝ նապաստակը գոյնզգոյն հաւկիթներ կ՚ածէ եւ զամբիւղներով կը բերէ մանուկներուն։ Կարմիր ներկուած հաւկիթը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չարչարանքը եւ Անոր խաչելութիւնը, ինչպէս նաեւ թափած արիւնը։ Հաւկիթին կեղեւը կը ներկայացնէ ժայռին մէջ բացուած Յիսուսի գերեզմանը, իսկ զայն կոտրելը՝ Յիսուսի յաղթանակը մահուան վրայ եւ յարութիւնը։

Յարութեան Կիրակիին, աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ հայերը կը փոխանակեն հետեւեալ ողջոյնը՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Զատկուան Կիրակիին կը յաջորդէ յիսուն օրուան շրջան մը, ծանօթ՝ Յինանց անունով, որուն ընթացքին սուրբերու տօներ եւ պահքի օրեր չկան, նուիրուած ըլլալով Քրիստոսի Յարութեան փառքին։ Առաջին 40 օրերը կ՚առաջնորդեն դէպի Յիսուսի Համբարձման տօնը, երբ կը նշուի Քրիստոսի մուտքը երկինք, իսկ յաջորդող 10 օրերու աւարտին կը տօնուի Հոգեգալուստը։