Տօներ

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 7 Ապրիլ, Նոր Կիրակի է։ Զատկուան Կիրակիէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերու շրջանը՝ ծանօթ Յինունք անունով, նուիրուած է Յարութեան փառաբանման։ Յինունքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Նոր Կիրակին կը կոչուի նաեւ Կրկնազատիկ, որովհետեւ Զատկուան ութերորդ օրն է եւ Զատկուան կը նմանի՝ ընթերցումներու եւ շարականներու տեսանկիւնէն։

Այս տարի, Նոր Կիրակին՝ 7 Ապրիլ, կը զուգադիպի Աւետման տօնին, որով Գաբրիէլ հրեշտակապետը Սուրբ Կոյս Մարիամին աւետեց իր յղացումը Սուրբ Հոգիէն (Ղկ 1:26-38)։ Ի հետեւումն այս տօնին է, որ Աստուածայայտնութիւնը կը տօնենք 6 Յունուարին։