Տօներ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 7 Ապրիլին, Ս. Աստուածածնի Աւետման տօնն է, որ կը կատարուի Ս. Ծնունդէն ինը ամիս առաջ։ Այս տօնակատարութիւնը կը նշէ Քրիստոսի ապագայ ծնունդի աւետումը Կոյս Մարիամին, ինչպէս արձանագրուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ.
«Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 1:31-33):
«Խորհուրդն անճառ ծածկեալ յազգաց եւ յաւիտեանց, յայտնեցաւ իջմամբ հրեշտակապետին այսօր առ կոյսն մարիամ. զոր առ տէր ունիմք բարեխօս վասն անձանց մերոց»։
(Ազգերէն եւ յաւիտեաններէն ծածկուած անճառ խորհուրդը, այսօր հրեշտակապետին Կոյս Մարիամին մօտ իջնելով յայտնուեցաւ, որ մեզի համար Տիրոջ մօտ բարեխօս ունինք)։