ԿԻՐԱԿԻ, 23 ԱՊՐԻԼ – ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2.23–3.12
Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները: Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ:
Նիկոդեմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ իշխան մը, որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ:
Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը:
Նիկոդեմոս հարցուց անոր.
– Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ: Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի:
Յիսուս պատասխանեց.
– Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք: Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ’երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին:
Նիկոդեմոս հարցուց.
– Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա:
Յիսուս պատասխանեց.
– Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր: Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր: Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի, եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 9.23-31
Ժամանակ մը ետք, Դամասկոսի Հրեաները որոշեցին Սօղոսը սպաննել: Սակայն Սօղոս իմացաւ անոնց նենգութիւնը, թէ՝ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէին քաղաքին դռներուն առջեւ, որպէսզի սպաննեն զինք: Ուստի, գիշեր մը, հաւատացեալները զինք զամբիւղի մը մէջ դնելով՝ պարիսպէն վար իջեցուցին:
Սօղոս Երուսաղէմ եկաւ եւ կը ջանար հաւատացեալներուն հետ շփման մէջ մտնել. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ Քրիստոսի աշակերտ դարձած է: Սակայն Բառնաբաս առաւ Սօղոսը, առաքեալներուն տարաւ եւ անոնց պատմեց՝ թէ ի՛նչպէս Սօղոս ճամբուն վրայ Տէրը տեսած եւ անոր հետ խօսած է, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուսի անունով համարձակօրէն քարոզած է Դամասկոսի մէջ: Անկէ ետք Սօղոս առաքեալներուն հետ կը մնար ու կը շրջէր Երուսաղէմի մէջ, եւ համարձակօրէն կը քարոզէր Տէր Յիսուսի անունով: Կը խօսէր ու կը վիճէր յատկապէս յունախօս Հրեաներուն հետ, որոնք զինք սպաննելու ձեւ մը կը խորհէին:
Հաւատացեալ եղբայրները երբ իմացան, Կեսարիա փախցուցին Սօղոսը, եւ հոնկէ ալ Տարսոն ղրկեցին:
Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար: Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղովը կ’ապրէին:
Ա. ՆԱՄԱԿ ՊԵՏՐՈՍԻ 2.1–10
Հետեւաբար, մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ, Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք: «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան»: Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է: Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագ կը մատուցանէք Աստուծոյ: Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ
ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքարը մը.
անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:
Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. մինչդեռ չհաւատացողներուն համար, անիկա
«Այն քարն է,
որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել,
բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ»,
կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր:
Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց: Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ: