Featured, Առաջնորդարանէն

ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Ս. Յակոբ ամէնօրեայ վարժարանի (Մոնթրէալ) շրջանաւարտ աշակերտներու այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ տիկ. Լոռի Ապրաքեանի եւ իրենց ընկերացող ուսուցիչներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց հիւրերը Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ եւ անոնց ներկայացուց Առաջնորդարանի հակիրճ պատմականն ու գործունէութիւնը։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը հիւրերը առաջնորդեց դէպի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, ուր անոնք դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի կողմէ, եւ շրջեցան եկեղեցին, աղօթեցին ու ծանօթացան անոր պատմութեան։ Այնուհետեւ, հիւրասիրուեցան «Փաշալեան» սրահին մէջ, ուր նուէր ստացան Առաջնորդարանի վերջին հրատարակութիւններէն օրինակներ։