ԱՐՏԱԿ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Ապրիլ, 1970)
Վաղամեռիկ պատմաբան Արտակ Մովսիսեան վերջին երեսուն տարիներու հայոց հնագոյն պատմութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը եղած է Հայաստանի մէջ։
Ծնած է 10 Ապրիլ, 1970-ին, Աբովեան քաղաքին մէջ։ Տեղւոյն միջնակարգը աւարտելէ ետք, 1988-1990-ին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ։ 1990-1994 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմական ճիւղին մէջ, միաժամանակ գիտաշխատող եղած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ (1991-1997)։ Ուսանողական տարիներուն գրած առաջին մենագրութիւնը («Հնագոյն պետութիւն Հայաստանում. Արատտա (Ք.Ա. 28-27-րդ դարեր)», 1992) լաւագոյն պատմագիտական աշխատանքի մրցանակին արժանացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յայտարարած «Երիտասարդ գիտնականներ – 1993» մրցոյթին։
1994-1997 թուականներուն ուսումը շարունակած է Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, ուր պաշտպանած է «Վանի թագաւորութեան (Բիայնիլի, Ուրարտու, Արարատ) մեհենագրութիւնը» աւարտաճառը, ստանալով գիտութիւններու թեկնածուի (առաջին դոկտորական) գիտական աստիճան։ 1997-2011-ին նոյն հիմնարկին մէջ պաշտօնավարած է, նախ իբրեւ գիտաշխատող, իսկ 2004 թուականին՝ աւագ գիտաշխատող։ 1998-2016 թուականին հայոց պատմութեան ամպիոնի դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղին մէջ։ 2015-ին պաշտպանած է երկրորդ աւարտաճառը` «Հայաստանի գրաւոր մշակոյթը նախամաշտոցեան ժամանակաշրջանին» նիւթով, որուն համար իրեն շնորհուած է պատմական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան: Նոյն տարին, ստացած է համալսարանի ոսկեայ մետալը իր գիտական ու կրթական իրագործումներուն համար, իսկ 2016-2020-ին՝ հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ եղած։
Արտակ Մովսիսեան մասնակցած է զանազան հանրապետական եւ միջազգային գիտաժողովներու։ Հրատարակած է շուրջ 20 հատորներ, ինը վաւերագրական շարժանկարներ եւ աւելի քան երեք տասնեակ գիտական յօդուածներ։ Հայոց հնագոյն պատմութեան նուիրուած են «Բարեպաշտ արքաների տիրակալութիւնը» (1997), «Սրբազան լեռնաշխարհը. Հայաստանը Առաջաւոր Ասիայի հնագոյն հոգեւոր ընկալումներում» (երեք հրատարակութիւններ՝ 2000, 2004, 2006, թարգմանուած՝ անգլերէնի եւ սպաներէնի), «Հայկական մեհենագրութիւնը» (2003), «Նախամաշտոցեան Հայաստանի գրային համակարգերը» (2003), «Հայաստանը Քրիստոսից առաջ երրորդ հազարամեակին» (2005)։ Հեղինակած է նաեւ հին պատմութեան վերաբերեալ ուրիշ հատորներ՝ հայկական յաղթանակներու (2008), նշանաւոր հայ թագաւորներու (2009) եւ թագուհիներու (2014), Արեւմտեան Հայաստանի ուխտավայրերու (2011) մասին, ինչպէս եւ հայ ժողովուրդի համառօտ պատմութիւն մը (2014), որ թարգմանուած է ռուսերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի։ Պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեանի հետ, հրատարակած է հայ ժողովուրդի պատմութեան սկզբնաղբիւրներու երկհատոր ժողովածու մը՝ սկիզբէն մինչեւ Ք.Ե. 9-րդ դար։ Հայոց պատմութեան հաւաքական հրատարակութիւններու մէջ, հնագոյն պատմութեան գլխաւոր հեղինակը եղած է։
Գիտական աշխատանքի կողքին, Արտակ Մովսիսեան նաեւ գրած է հանրամատչելի գործեր։ Պատրաստած է վաւերագրական շարժանկարներ, որոնք նուիրուած են հայոց պատմութեան տարբեր դէպքերու եւ դէմքերու։ Յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իր մէկ ժապաւէնը, որ ուղղուած է ցոյց տալու Ատրպէյճանի կողմէ հայոց պատմութեան կեղծարարութիւնը։ 2016-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» մետալը ստացած է։
Արցախեան 2020-ի ճակատագրական պատերազմը նոր սկսած էր, երբ երախտաշատ պատմաբանը, հազիւ 50 տարեկան, զոհ գացած է պսակաձեւ ժահրի համավարակին, 3 Հոկտեմբեր, 2020-ին, Երեւանի մէջ։