Շաբաթ, Ապրիլ 6-ին, Գրանսթընի (Ռոտ Այլընտ) VFW սրահին մէջ, շքեղ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Փրաւիտենսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի եւ երէցկին Տեպրա Նազարեանի։
Հանդիսութեան ներկայ էին Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, դպրոցի Խնամակալ Մարմնի անդամներ, Հ.Օ.Մ.-ի, Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային եւ տեղական Վարչութիւններու անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, եւ շուրջ 200 հիւրեր։
Օրուան հանդիսավարն էր օր․ Թալին Տօնոյեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, վարժարանի շրջանաւարտներ օր․ Թալին Տօնոյեան եւ պրն. Ռոստոմ Մկրտիչեան կատարեցին ամերիկեան եւ Արցախի քայլերգներու երգեցողութիւնը, իսկ վարժարանիս ներկայ սաները միացան Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։
Համազգայինի Փրաւիտընսի մասնաճիւղի «Արցախ» պարախումբի երէց եւ կրտսեր խումբերը ներկայացուցին «Վարդավառ» եւ «Հզօր Հայաստան» պարերը, պարուսոյց տիկ. Շուշան Աւագեանի ղեկավարութեամբ։
Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, շնորհակալութիւն յայտնեց 90-ամեակի Յանձնախումբի անդամներուն, հովանաւորներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք քաջալերեցին այս աննախնթաց երեկոն։ Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց դպրոցի հիմնադիրներուն, տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որ դժուար պայմաններու տակ հիմնած ու պահած են դպրոցը։ Անդրադառնալով հայ լեզուին կարեւորութեան, ան նշեց, թէ հիմնական է միասնական աշխատանքը, որպէսզի հայերէնը հարկաւոր և գործանական պահենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ ի մասնաւորի՝ մեր տուներէն ներս:
Ապա, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Լեւոն Աթթարեան, գնահատելով վարժարանի դերակատարութիւնը, նշեց, թէ դիւրին չէ 90 տարի շարունակ հայկական վարժարան մը պահել, մանաւանդ Ամերիկայի մէջ։ Ան ըսաւ, թէ Մուրատ Վարժարանը դպրոցէ մը աւելի է, որ պարգեւած է կեանքի յիշատակներ եւ ընկերներ, որոնք այսօրուան ծնողներն են։ Ան շեշտեց, թէ հոգաբարձութիւնը միշտ պատրաստ է թիկունք կանգնելու դպրոցի գործունէութեան եւ կարիքներուն։
Պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի ղեկավարութեամբ, աշակերտները «Թող միշտ պանծայ», «Հայոց տառեր» եւ «ԱԲԳ» երգերով խանդավառեցին երեկոն։
Այնուհետեւ, Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան բեմ հրաւիրեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէնները եւ Խնամակալ Մարմնի ատենապետը, եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեց երկու դպրոցներուն կազմակերպած դրամահաւաքի գումարը (3.380 տոլար), որպէսզի զայն փոխանցէ արցախահայ աշակերտներու։
Յայտագրի շարունակութեան, համա-տնօրէնուհի տիկ. Լալա Աթթարեան ներկայացուց վերջին չորս տարիներու ընթացքին իրականացած կրթական ծրագիրները եւ յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայ մարտահրաւէրները։ Եզակի են մանուկներու Ծափիկ-Թաթիկ եւ Հայաստանի Արարատ մարզի «Նոր Ուղի» եւ «Մուրատ» վարժարաններուն միջեւ քոյր դպրոցի նոր ծրագիրր։ Ան, շեշտելով հայ դպրոցին դերը մեր կեանքէն ներս, ըսաւ թէ այսօրուան ձեռնարկը առիթ է վերանորոգելու հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային ոգիով սերունդներ պահպանելու մեր ուխտը։
Համա-տնօրէնուհի տիկ. Ճուն Մանկասարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցչական կազմին, եկեղեցւոյ մարմիններուն, Հ.Օ.Մ.ի, Առաջնորդարանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին, Ծնողական Յանձնախումբին, ծնողներուն ու աշակերտներուն։ Ան շեշտեց, թէ դպրոցին նպատակը փոխուած չէ 90 տարուան ընթացքին եւ այսօրուան տօնակատարութիւնը կը պարտինք մեր նուիրումին եւ շարունակական աշխատանքին։
Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ տիկ. Անուշ Պարղամեան, որ վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալով, շեշտեց թէ հպարտութեամբ կը նշէ դպրոցի 90-ամեակը, որուն երկարամեայ գործընթացին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ իր հարազատ ընտանիքի անդամները։
Արժպ․ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան բարձր գնատահեց նախկին ու ներկայ տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն աշխատանքը եւ անոր արտացոլումը։ «Այսօր մենք կը տօնենք մեր վարժարանի բարգաւաճումը եւ ոչ թէ անոր վերապրումը։ 90 տարիներ ետք այս դպրոցը կը ծաղկի եւ կը զարգանայ, քայլ պահելով ներկայ սերունդին կարիքներուն հետ», ըսաւ ան։ Տէր Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն եւ վարժարանիս այլազան ծրագիրներուն ու անոնց յաջողութիւններուն։
Իր պատգամին մէջ, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մեծապէս գնատահեց Փրաւիտընսի կազմակերպութիւններու, Եկեղեցւոյ եւ դպրոցներու միջեւ գործակցութիւնը եւ նշեց, թէ հայ լեզուն պահելը կը նշանակէ գիտակից ըլլալ եւ մեր ինքնութեամբ հպարտ ըլլալ։ «Ուրախ եմ որ կը տեսնեմ երիտասարդ ծնողներ, այս կը նշանակէ յարատեւութիւն։ Ես դեսպանը պիտի ըլլամ Մուրատ վարժարանի այս տօնախմբութեան, ըսելով թէ այն ժողովուրդները որ կը հաւատան, կը նուիրուին տեսլականի, անոնք են որ արժանի են ապրելու»։ Իր պատգամը աւարտելով, Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ մենք Սփիւռքի մէջ պահապանը պիտի ըլլանք հայոց նկարագրին եւ հայոց պատմութեան, գրականութեան ու լեզուին եւ այդ ձեւով պիտի ներշնչենք մեր ժողովուրդը ամէնուրեք։
Օրուայ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգեցողութեամբ։