ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ
Մինչ աշխարհը ականատես կը դառնայ ահաւոր պատերազմներու Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ, իրականութենէ շատ հեռու պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, թէ ցեղասպանական բռնութեան նոր դարաշրջանի մը սեմին կը գտնուինք։ Խօսքը միայն անհաշիւ, անմեղ կեանքերու մասին չէ, որոնք կը զոհաբերուին աշխարհաքաղաքական պայքարներու, որոնց աղբիւրը տնտեսական անորոշութիւնն է, մթնոլորտային տագնապը եւ արհեստագիտական չարաշահումը։ Վտանգի տակ է Բ. Աշխարհամարտէն ետք ստեղծուած պատմական կարգը եւ անոր հետ կապուած պատմումը (narrative), որոնք ապահոված էին խաղաղութեան աննախընթաց ութը տասնամեակներ Արեւմուտքի մէջ։
Եթէ ներխուժողներն ու ցեղասպանական բռնութեան գործակալները գերազանցող ըլլան ներկայ հակամարտութիւններուն մէջ, ցեղասպանութիւններ եւ հաւաքական բրտութեան այլ ձեւեր դատապարտող տեսակէտները նոյնպէս վտանգի տակ պիտի ըլլան։ Անոնց տեղը պիտի առնէ ջատագովներու պոռոտախօսութիւնը՝ արդարացնելով անոնց բրտութիւնը, այժմ ա՛լ աւելի անպատիժ։
Արդի Թուրքիան եւ անոր կովկասեան կամակատարը՝ Ատրպէյճանը, աշխարհի բոլոր չարիքներու կատարեալ մարմնացումն են։ Առաջինը ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութենէն, իսկ երկրորդը՝ 1918-ին Պաքուի հայոց ջարդէն։ Գլխիվայր շրջուած այս աշխարհին մէջ, ամէն ինչ, որ սխալ է ուղղամիտ մարդոց համար՝ գովաբանութեան արժանի է Անգարայի եւ Պաքուի ամենամութ թաղամասերուն մէջ։ Մարդասպանութիւնը, կողոպուտը եւ թալանը կը յանգին համապարփակ արդարացումներու, որոնց հիմքը «ցեղասպանութիւն մը չէր, բայց ճիշդ ըրինք» խօսքն է։
Ամէն անգամ որ աշխարհը պատմական նոր դարաշրջան մը կը մտնէ (ըլլան Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը, Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը կամ աշխարհամարտերը), կը թուի, թէ բարոյական սկզբունքներու վերահաստատումի մը կարիքը կը զգացուի, հազարամեակներ շարունակ ընկերութիւնը պահող արժէքներու հարցադրումի մը պահանջը կ՚արծարծուի։
Եւ սակայն, հայ ազգի շարունակական գոյութիւնը՝ ընդդէմ բոլոր խոչընդոտներուն, կը հերքէ այս բոլորը։ Մեր դատն ու մեր արժէքները արդար են։ Այնքան ճշմարիտ են, որքան որ էին դար մը առաջ, այնպէս ինչպէս մեր Փրկիչի յաւիտենական պատգամը։ Աւելի քան երբեք, պէտք է կառչած մնանք մեր անսասան հաւատքին, մինչ կը նաւարկենք փոթորկոտ ալիքներու մէջ։ Յիշենք հայութեան ու եկեղեցւոյ դէմ չարախօսները, որոնք բուսած են ամէն անգամ, որ ցնցումներ սպառնացած են մէկուն կամ միւսին։ Անոնք այժմ պատմութեան աղբամանին մէջ կը գտնուին։ Պարոյր Սեւակի անմահ խօսքերով՝ «Կանգ, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»։ Երբեւիցէ պէտք չէ դադրինք հաւատալէ։ Եթէ դադրինք հաւատալէ, այն ատեն է, որ մեր ճակատագիրը կնքուած պիտի ըլլայ։