Առաջնորդարանէն

ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 90-ԱՄԵԱԿԸ

1934-ին հիմնուած Ինտիըն Օրչըրտի (Մէսէչուսէթս) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 90-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլին։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիկսոպոս, Ս. Պատարագը մատուցանեց ու ներշնչող քարոզ մը տուաւ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Wilbraham Country Club-ի մէջ։ Հանդիսավարն էր Ստեփան Փիլիկեան՝ հիմնադիր անդամներէն Ստեփան Փիլիկեանի թոռը։ Բարի գալուստի խօսքը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Թանիա Ղարիպեան, եւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրն ու հոգեւոր հովիւը, որպէսզի գնահատագրեր յանձնեն ծխականներ Լէօ Վարդանեանի, Հէրի Սէթեանի եւ Արաքս Չարխուտեանի, եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։

Ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ 90-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող յուզիչ տեսերիզ մը։ Արաքս Չարխուտեան՝ եկեղեցւոյ հնագոյն անդամներէն մէկը, եւ Թամար Սարգիսեան՝ ամենէն երիտասարդներէն մէկը, միասնաբար տօնակատարութեան կարկանդակը կտրեցին։ Կատակերգակ Տոթի Պենկոյեան-Ուլիկեան զուարճալից պահ մը ստեղծեց։

Հիւր բանախօսներ էին Էտուըրտ Ղարիպեան, որ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ մէջ իր աճի տարիներուն եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհիներ Նուարդ Սիմընզի եւ Վարդենի Մըրֆիի ձգած ազդեցութեան, եւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), որ յիշեց եկեղեցւոյ մէջ իր հովուութեան տարիները։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ծխականներուն, վեր հանելով անոնց աշխատասիրութիւնն ու նուիրումը եւ քաջալերելով որ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարգաւաճման համար։

Այնուհետեւ, Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքով շնորհաւորեց համայնքը, դրուատելով Ինտիըն Օրչըրտի համայնքի ոգեկան ուժը, եւ յոյսի պատգամով լեցուց ներկաներու սրտերը։