ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 14 Ապրիլին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) ծխականները ոգեկոչեցին հանգուցեալ Գերպ. Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանը, վախճանման քառասունքին առիթով։ Անցեալ 21 Փետրուարին մահացած Հայր Եղիշէն 1997-2003ին ծառայած էր Թեմիս մէջ, իսկ 2000-2003ին վարած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ներկաները հաւաքուեցան «Ճաֆարեան« սրահին մէջ։ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, ներկաներուն հաղորդեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիկոպոսի ցաւակցութեան եւ օրհնութեան խօսքը։ Այլ պարտականութիւններու պատճառով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը չէր կրցած անձամբ ներկայ ըլլալ եւ նախագահել հանդիսութեան։
Տէր Հայրը նշեց, թէ ներկաներուն մեծամասնութիւնը շատ երիտասարդ էր կամ ծուխին նորանդամակցած՝ Հայր Եղիշէն ճանչցած ըլլալու համար։ Նախկին հովիւներէն մէկուն այս ոգեկոչումը կարեւոր քայլ մըն էր պահպանելու համար ծուխի պատմութիւնը, որ իր 53-ամեայ պատմութեան մէջ եօթը հովիւներ ունեցած է։ Այնուհետեւ կարդաց Հայր Եղիշէի կենսագրականը եւ յիշեց զինք իբրեւ հմուտ եւ նոյն ատեն զուարթախոհ անձնաւորութիւն մը, որուն գրաբարի դասերը վայելած էր «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին մէջ, նախ քան Անթիլիաս մեկնումը քահանայական դասերուն հետեւելու համար։
Յակոբ Սրկ. Հատտատ նաեւ վերյիշեց Հայր Եղիշէի գրաբար դասերը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նոյն տասնամեակին։ Աւետիս Սրկ. Կառաւանեան եւ տոքթ. Ճոն Սրկ. Սարեան իրենց սրտալից տուրքը մատուցեցին հանգուցեալ վարդապետի յիշատակին։