Առաջնորդարանէն

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 95-ԱՄԵԱԿ

Շաբաթ, 13 Ապրիլին, Համազգային Հայ Մշակութային Միութիւնը իր 95-ամեակը տօնեց տէր եւ տիկ. տոքթ. Արա եւ Անի Մուրատեաններու բնակարանին մէջ (Տէնվիլ, Նիւ Ճըրզի)։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Արեւելեան շրջանի Շրջ. Վարչութեան կողմէ՝ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղերու գործակցութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուցին եւ բացման աղօթքը կատարեցին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք)։ Հ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան խօսք առաւ, շնորհաւորելով Համազգայինը եւ մեր մշակոյթին իրենց նպաստը բերած վեց մեծարեալները՝ Արմինէ Մինասեան, Մարիէթա Գաբրիէլեան, Ժանէթ Մուրատեան-Մարգարեան (յետ մահու), Սիրուն Կարոյեան, Վեհանոյշ Թեքեան եւ Ալֆրէտ Եզնայեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ՝ Զաքար Քէշիշեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։