ՍԷՅՐԱՆ ԽԱԹԼԱՄԱՃԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Ապրիլ, 1937)
Սէյրան Խաթլամաճեան կը նկատուի Հայաստանի վերացական արուեստի հիմնադիրներէն մէկը։
Ծնած է 20 Ապրիլ, 1937-ին, Չալթր գիւղը, Դոնի Ռոստովի մօտերը։ Մանկութենէն յափշտակուած է գծագրութեամբ եւ 14 տարեկանին սկսած է ուսանիլ Դոնի Ռոստովի մանկական արուեստի դպրոցին մէջ։
1954-1959-ին ուսանած է Ռոստովի գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ։ Աւարտելէ ետք, նոյն տարին տեղափոխուած է Հայաստան եւ ընդունուած՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի (այժմ՝ Գեղարուեստի Ակադեմիա) կերպարուեստի բաժինը, զոր աւարտած է 1964-ին։
1965-ին մասնակցած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի կողմէ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ կազմակերպուած բազմաթիւ ազգագրական արշաւներու։ 1967-ին անդամակցած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան։
Շարունակելով գեղանկարչութեան ազգային աւանդութիւնը, մասնաւորաբար՝ Մարտիրոս Սարեանի, Սէյրան Խաթլամաճեան ստեղծած է հայրենի բնութեան տիպական գիծերը ընդհանրացնող խորհրդանշական բնոյթի բնապատկերներ եւ հոգեբանական նրբերանգներ բացայայտող դիմանկարներ։ Վերացական արուեստին մէջ անոր ոգեշնչման աղբիւրներն էին Վասիլի Գանտինսկին եւ Արշիլ Կորքին։ Ան միաժամանակ մօտ էր Սարեանի արուեստին, որուն հետ, հակառակ տարիքային մեծ տարբերութեան, երկար տարիներ կապուած էր խոր, հոգեւոր մտերմութեամբ։
Երիտասարդ տարիքէն, Խաթլամաճեան ստեղծած էր իր սեփական գեղարուեստական լեզուն, որ յատկանշուած է գոյներու զօրաւոր զգացողութեամբ։ 1950-ականներէն մինչեւ 1990-ական թուականներուն ստեղծած վերացական կտաւներուն մէջ, Խաթլամաճեան ինքզինք վերակերտած է արտայայտելով իր մտքի գաղափարական զարգացումը թէ՛ իբրեւ գեղանկարիչ եւ թէ՛ իբրեւ մտաւորական։
Անձնական ու հաւաքական ցուցահանդէսներ տուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Փորթուկալի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Խաթլամաճեանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր կողմէ ձեւափոխուած մանրամասնութիւններու հիմամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ընդունած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան զինանշանը 1992-ին։
Սէյրան Խաթլամաճեան մահացած է 14 Սեպտեմբեր, 1994-ին, Երեւանի մէջ։ Անոր գործերը կը գտնուին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր պատկերասրահներու եւ թանգարաններու, ինչպէս եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։