ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹՐԻՔԻՆ
Ուրբաթ, 19 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Իրաւաբանական Ընկերակցութեան կազմակերպուած հանրային ծառաներու ի պատիւ ընթրիքին, ուր փակման խօսքը կատարեց։ 2024-ի մեծարեալներէն էին Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախկին նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Նիւ Եորք նահանգի Վերաքննիչ Ատեանի գլխաւոր դատաւոր Ռօուըն Ուիլսըն։