Առաջնորդարանէն

ՆՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Արեւելեան Թեմի Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն կողմէ։ Կիրակի, 28 Ապրիլին, նորանշանակ հովիւը իր առաջին Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի նախագահէ անոր հովուական պաշտօնակալութեան։

Կրօնական Ժողովը կը գնահատէ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի նուիրումը, որ հանգստեան իր կոչումէն դուրս գալով, ժամանակաւոր հովիւի պաշտօնը ստանձնեց Յունուար-Ապրիլ 2024-ին։

Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ), փոխարինելով Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը, որ հովուական պաշտօնը վարած էր Փետրուար 2022-էն մինչեւ Ապրիլ 2024։  Տէր Հայրը, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը ձեռնհասօրէն վարեց Հոկտեմբեր 2022-էն մինչեւ Մարտ 2024-ի Ս. Յարութեան տօնը։

Զոյգ հովիւներուն յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց ծառայութեան մէջ։